ՍՈՖԻԱ.- Պուլկարիոյ պահպանողական Կարգ, Օրէնք եւ Արդարութիւն կուսակցութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը յանձնած է այդ երկրի խորհրդարանին, պահանջելով, որ Պուլկարիան դատապարտէ հայերու դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը:
Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Սոֆիա այցելութեան զուգադիպող այս քայլով պուլկար պահպանողականները իրենց երկրի վարչապետ Պոյքօ Պորիսովէն կը պահանջեն յստակացնել Պուլկարիոյ քաղաքական կեցուածքը Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: