Յաջորդական իններորդ տարին ըլլալով, Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան կազմակերպած հայ աշակերտներու յատուկ գիտական մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 6ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ:
Այս տարի եւս, կազմակերպիչներն ու կամաւոր կերպով սոյն մրցանքը արժեւորող դատաւորները նկատած են, թէ ներկայացուցած աշխատանքներուն որակը բարձրացած է:
Ութ վարժարաններէ 98 աշակերտներ, 80 աշխատանքներ ներկայացուցած էին այս տարուան մրցանքին, որ բաժնուած էր կրտսերներու եւ երէցներու երկուքական բաժիններու՝ բնագիտութեան եւ կենսագիտութեան մարզերէն ներս:
Օրը սկսաւ դատաւորներուն կողմէ աշակերտներուն հարցաքննութեամբ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում:
Ապա, աշակերտները եւ անոնց ծնողները՝ աւելի քան 200 հոգի, ունկնդրեցին UCLA-էն փրոֆ. Նժդեհ Աղազարեանի ներկայացումը՝ վիրաբուժութեան նորագոյն ճարտարագիտութեան մասին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:
Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան Գիտական մրցանքի յանձնախումբի ատենապետուհի դոկտ. Մարինա Կէօվրէքեան դրուատեց բոլոր մասնակիցները եւ կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընկերացան նաեւ 50էն 500 տոլարի վարձատրութիւններ:
Երէցներու բնագիտութեան բաժանմունքին մէջ, Միքայէլ Մաթոսեան (ՀԲԸՄի վարժարան) շահեցաւ առաջին մրցանակը, իսկ երկրորդ եւ երրորդ մրցանակները՝ Ալանա Ենոքեան («Ֆերահեան») ու Անայիս Ամին («Ֆերահեան»): Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան «Ֆերահեան»էն Նաթալի Շահպոլ ու Սեւան Յովհաննէսեանը:
Երէցներու կենսագիտութեան բաժանմունքին մէջ առաջնութեան եւ երրորդութեան մրցանակներ չտրուեցան, իսկ երկրորդ մրցանակին ու պատուոյ յիշատակութեան արժանացան ՀԲԸՄի վարժարանէն Արմէն Արսլանեան ու Կարսիա Աթաշեան:
Կրտսերներու բնագիտութեան բաժանմունքին մէջ առաջնութիւնը շահեցաւ Էլեն Տիշիկրիքեան («Շամլեան»), իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացան յաջորդաբար Ճորճ Խապպազ («Յովսէփեան») ու Էլըն Պէկեան («Շամլեան»): Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Ճինա Ապաքեանց («Ուոլթըր Ռիտ») եւ Թարա Փիրումեան («Շամլեան»):
Կրտսերներու կենսագիտութեան բաժանմունքին մէջ, Մարք Մաթոսեան (ՀԲԸՄի վարժարան) շահեցաւ առաջին մրցանակը, իսկ երկրորդ եւ երրորդ մրցանակները՝ Կրէյս Խանլեան («Յովսէփեան») ու Խաժակ Պոռնազեան («Փիլիպոս»): Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան (ՀԲԸՄի վարժարանէն) Նիքլըս Փափազեան ու Դալար Գէորգեան:
Այս տարի եւս, յատուկ մրցանակ մը վերապահուած էր ուսուցիչի մը՝ «Յովսէփեան» վարժարանէն Արթին Պեհինին, որ իրեն շնորհուած 300 տոլարով վարժարանի տարրալուծարանին համար գիտական սարքաւորումներ պիտի գնէ:
Ամէն տարի, հայկական վարժարաններուն մէջ մօտաւորապէս 1000 աշակերտներ կը մասնակցին գիտական մրցանքներու, նաեւ անոնցմէ գրեթէ 10 տոկոսը առիթը կ՛ունենայ մասնակցելու Լոս Անճելըս գաւառի մրցանքին, իսկ աւելի փոքր համեմատութիւն մը՝ Քալիֆորնիոյ եւ աւելի բարձր մակարդակի մրցանքներու: Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան նպատակն է այդ համեմատութիւնները բարձրացնել, ու սոյն նպատակին համար հաստատած է շարք մը հիմնադրամներ:
Այս աշխատանքին օժանդակելու համար, դիմել (818) 347-9122 թիւին, իսկ յառաջիկայ տարուան մրցանքը ընդարձակելու նպատակով, ընկերակցութիւնը կարիքը ունի կամաւոր գիտնականներու: Օժանդակել փափաքողներէն կը խնդրուի դիմել (626) 568-9191 թիւին: