ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Կիրակի, 14 Մարտ 2010ին, Կլենտէյլ Գոլէճի մարզադաշտերը, ժամադրավայրը դարձած էին շրջանի հայկական վարժարաններու աշակերտութեան, ուր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ տեղի ունեցան Քալիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական Մարզախաղերու, բոլորիս ծանօթ՝ՔԱՀԱՄի պասքէթպոլի ախոյեանութեան մրցումները, աննախընթաց զուարթ մթնոլորտի մը մէջ:
26րդ տարիներ անընդմէջ իրագործուող աշակերտական գեղեցիկ այս մարզախաղերու փակման փառահեղ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն օրը երեկոյեան ժամը 4:30ին, գոլէճի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, մասնակցող վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերուն, բազմահարիւր ծնողներուն, հիւրերուն եւ ՀՄԸՄականներուն ներկայութեամբ:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ, զոր կատարեցին ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի արի-արենոյշները, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութեան փողերախումբին: Անոնք ազգայնաշունչ քայլեղանակներու ընկերակցութեամբ, հպարտութեամբ եւ խրոխտ քալուածքով մարզադաշտ բերին Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ եւ ՀՄԸՄի դրօշները, բարեւեցին ներկաները, քարացած հետեւեցան Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներուն եւ ապա զետեղեցին դրօշները նշանակուած վայրը:
Այնուհետեւ, օրուան խօսնակներ Կասիա Մահսերէճեան (հայերէնով) եւ Սիւզի Օհանեան (Անգլերէնով) բարի գալուստի քաղցր խօսքերով ողջունեցին ներկաները, ծանօթացուցին պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը ներկայացնող Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսութեան հանրային կապի պատասխանատու Հայկ Աւետիսեան, ՀՅԴ Կեդր. Կոմիտէի անդամ եւ ՀՄԸՄական Յարութ Տօնոյեան, ՀՄԸՄի բարեկամներէն Ճորճ Գասարճեան, ՀՄԸՄի բարերարներէն տիկ. Ալիս Անտոնեան, մրցումներուն մասնակցած հայկական վարժարաններու տնօրէն-տնօրէնուհիները եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Դրօշակի արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ մրցումներուն մասնակցած 12 ազգային եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան տողանցքը: Այսպէս, յաղթական տրամադրութեամբ տողանցելով մարզադաշտ ներկայացան Ալեք Փիլիպոս, Արի Կիրակոս Մինասեան, Հայ քոյրերու, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան, ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան-Տէմիրճեան, Մեսրոպեան, Մերտինեան, Մխիթարեան, Յովսէփեան, Շամլեան, Սահակ Մեսրոպ եւ Ֆերահեան վարժարաններու աշակերտ մարզիկ-մարզիկուհիները, իրենց մարզանքի ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ, բարեւեցին իրենց ծնողները, ուսուցիչներն ու տնօրէնները, արժանացան անոնց բուռն ծափահարութիւններուն եւ ապա գրաւեցին իրենց տեղերը մարզադաշտին վրայ:
Շրջ. Վարչութեան պատգամը փոխանցեց Մարզական ներկ. Ժանօ Գահվէճեան, որ գոհունակութեամբ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհաւորեց զանոնք , ՔԱՀԱՄի 26րդ մարզախաղերուն մասնակից դառնալուն ուրախ առիթով, որ գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացած էր մարզական խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ համախմբելու մրցող աշակերտներն ու անոնց ծնողները:
Եղբայրը երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ նաեւ մարզախաղերուն մասնակցած վարժարաններու մարզիչներուն եւ անոնց օգնականներուն, որոնք բծախնդրութեամբ եւ հոգատարութեամբ պատրաստած էին իրենց խումբերը մասնակցելու ՔԱՀԱՄին եւ անոր ընդմէջէն ծանօթանալու ՀՄԸՄին:
«Հպարտութեամբ պէտք է նշել, որ այս մարզախաղերը ազգանպաստ եւ կարեւոր իրողութիւն են: ՀՄԸՄը իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին զգալի ներդրում ունեցած է հայապահպանման, հայութեան ֆիզիքական եւ մտային զօրացման պատուաբեր ասպարէզներուն մէջ: ՀՄԸՄը սերունդներուն փոխանցած է զօրաւոր եւ առողջ ըլլալու երջանկութիւնը: Այս խաղերուն պարտուող չկար, որովհետեւ ինչպէս կը տեսնէք սիրոյ եւ միասնականութեան ոգին էր, որ այսօր յաղթեց եւ քով-քովի բերաւ այս բոլոր հայ աշակերտները: Կեցցէք բոլորդ», ընդգծեց Գահվէճեան:
ՔԱՀԱՄի մասնակցած 12 հայկական վարժարաններու տնօրէններու անունով ելոյթ ունեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանի տնօրէն Վարդգէս Գուրոյեանի, որ առաջին հերթին շնորհաւորեց մարզախաղերուն մասնակցած աշակերտութիւնը, որոնք «Կարեւորը մասնակցիլն է, ոչ յաղթելը» Ողիմպիական խաղերու նշանաբանի ոգիին հետեւելով մասնակցեցան աշակերտական գեղեցիկ այս մարզախաղերուն:
Ապա, անդրադառնալով ՔԱՀԱՄի նպատակին, շնորհաւորեց ՀՄԸՄը զայն կազմակերպելուն համար եւ ըսաւ. «Շնորհաւորելի է ՀՄԸՄը, որ ի մի կը հաւաքէ զանազան հոսանքներու, միութիւններու եւ յարանուանութիւններու պատկանող վարժարաններու աշակերտները, կը կազմակերպէ այս մարզական մրցաշարքը, ուր հայ պատանի-պարմանուհիները համերաշխ մթնոլորտի մէջ կը մրցին իրարու դէմ: Այս գեղեցիկ մրցումները ոչ միայն աշակերտներուն մէջ պատկանելիութեան զօրաւոր զգացումը կը յառաջացնեն, այլ իրարու քով կը բերեն տարբեր վարժարաններու հայ աշակերտները, զիրար ճանչնալու եւ զիրար գնահատելու առիթ դառնալով»:
Պրն. Գուրոյեան յատուկ գնահատանք արձանագրեց նաեւ մարզախաղերուն օգտակար հանդիսացած ՀՄԸՄի կամաւորներուն եւ յատկապէս մրցող խումբերու մարզիչներուն, «որոնք անձնուիրաբար մարզեցին մեր աշակերտները, որպէսզի անոնք առողջ միտքեր ունենան, առողջ մարմիններու մէջ»:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւններն ու հայրական պատգամը ընթերցեց Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան:
Սրբազան հայրը բարձր գնահատելով ՔԱՀԱՄի մրցումներու կազմակերպման նպատակը կ՛ըսէր. «ՔԱՀԱՄի մրցումները չեն կազմակերպուիր յաղթողներ ու պարտեալներ ունենալու նպատակով, այլ անոնց հիմնական նպատակները է պէ՛տք է ըլլան՝ ազնիւ մրցակցութիւնը, ՀՄԸՄական ոգիի իւրացումը, «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» սկզբունքին հաւատարմութիւնը: Այս բոլորը կիրարկելով, մենք կ՛ունենանք միայն յաղթականներ, որովհետեւ այս մրցումները իրագործողը, հետեւաբար նաեւ յաղթանակներ ապահովողը, ՀՄԸՄն է ի վերջոյ:
«Օրհնեալ ըլլան կազմակերպիչ պատասխանատուները եւ գործակիցները, մարզիչներն ու մարզիկները: Թող ՀՄԸՄի դրօշը բարձր ծածանի բոլոր յաղթանակներուն վերեւ, եւ այս մրցումները թող նորագոյն նուաճումը ըլլան սերնդակերտումի ու հայրենասիրութեան խորացման ճամբուն վրայ»:
Իմաստալից պատգամներու փոխանցումէն ետք, տեղի ունեցաւ հինգ ամիսներու արդար պայքարի արդիւնքը նկատուող յաղթանակի բաժակներու յանձնումը, որ երկարաշունչ ծափողջոյններու ներքեւ, հպարտութեամբ ստանձնեցին յաղթական խումբերը եւ փայփայանքով զետեղեցին զանոնք իրենց վարժարաններու աշակերտութեանց առաջ:
Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանի եւ մարզական ներկայացուցիչ Ժանօ Գահվէճեանին, կողքին, ախոյեանութեան բաժակներու յանձնումին հրաւիրուած էին նաեւ ծանօթ ֆութպոլի մարզիկներ Յարութ Կարապետեան (LA Galaxy), Արթիւր Աղասեան (Chivas USA), ինչպէս նաեւ առաջին անգամ հայրենիքի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերու մասնակցած եւ բարձրագոյն կօլերը նշանակած ՀՄԸՄական տիպար մարզիկներ՝ Անի Գահվէճեան (Մասիս), Զարեհ Աւետեան (Արարատ) եւ Վահրամ Հմայակեան (Շանթ):
Յանձնուեցան մրցումներուն ընդգրկուած ճատրակի, թեթեւ աթլէթի, փինկ-փոնկի, վոլիպոլի եւ պասքէթպոլի մարզաճիւղերու բաժակները: Դժբախտաբար, նոյն օրը կարելի չեղաւ յանձնել ֆութպոլի մարզաճիւղի յաղթանակի բաժակները: Վերջին քանի մը շաբաթավերջերուն տեղացած անձրեւներուն հետեւանքով կարելի չէր եղած ամբողջացնել ֆութպոլի մրցումները, որոնց աւարտական մրցումները տեղի պիտի ունենան Կիրակի, 21 Մարտ 2010ին:
Յայտնենք, թէ նախքան հանդիսութիւնը, Շրջանային վարչութիւնը ՔԱՀԱՄի մասնակցած իւրաքանչիւր վարժարանի յանձնեց յուշատախտակ մը, առ ի գնահատանք ՔԱՀԱՄի 26րդ Մարզախաղերու մասնակցութեան եւ հայ աշակերտութեան առողջ միջավայր մը ստեղծելու կարեւոր գործին աջակցած ըլլալուն համար:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ ժամը 6:30ին: Ներկաները գոհունակութեամբ, իսկ մրցող խումբերը յաղթական ոգիով մեկնեցան տուն, անգամ մը եւս շնորհակալ ըլլալով ՀՄԸՄին եւ իրենց վարժարաններուն, որոնք մարզական այս գեղեցիկ մրցումները յաջողութեան առաջնորդած էին:
ՔԱՀԱՄի պասքէթպոլի, վոլիպոլի եւ փինկ-փոնկի ախոյեանութեան արդիւնքները կը հրատարակենք վաղուան ՀՄԸՄի էջով: