ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան-«Հայերն Այսօր».- Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ «Հայկական Սփիւռք» կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, Մարտ 17ին ԵՊՀի մէջ կայացաւ «Արեւմտահայերէնի վաղուան օրը» թեմայով կլոր սեղան:
Քննարկման մասնակցեցան ԵՊՀ ղեկավար ակադեմիկոս Արամ Սիմոնեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ստեփան Պետրոսեան, հայ բանասիրութեան բաժնի տնօրէն Արծրուն Աւագեան, ժամանակակից հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչ Լեւոն Եզեկեան, Սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Եուրա Աւետիսեան, դասախօսներ, հիւրեր եւ ուսանողներ:
ԵՊՀ ղեկավարը բացման իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց քննարկուող հարցին արդիականութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու ի նպաստ հայապահպանութեան ու լեզուապահպանութեան իւրաքանչիւր ձեռնարկի։
Իր կարգին, սփիւռքի նախարարի տեղակալը նշեց, թէ արեւմտահայերէն լեզուի եւ մտածողութեան տիրապետողը այսօր կը հանդիսանայ Սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնը, որուն հայապահպանութեան ու հայեցի դաստիարակութեան համար պէտք չէ ջանքեր խնայել, այլ զանազան միջոցներով պէտք է նպաստել Սփիւռքի դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման գործին:
«Արեւմտահայերէնով ստեղծուող գրականութիւնը պէտք է պահել իր շարունակական ընթացքին, ինչու չէ նաեւ՝ կատարելագործման եւ զարգացման մէջ», նշեց նախարարին տեղակալը ու խօսեցաւ այս հարցին շուրջ նախարարութեան այս տարուան նախաձեռնութիւններուն մասին՝ ինչպէս արեւմտահայերէնէ-արեւելահայերէն եւ հակառակը փոխարկիչ համակարգչային ծրագիրը, որ թէեւ կատարելագործման ընթացքի մէջ է, սակայն արդէն իսկ հասանելի է բոլորին։ Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կը նախատեսուի կազմակերպել նաեւ համահայկական գիտաժողով, որ պիտի նուիրուի արեւմտահայերէնի ուսուցման արդի վիճակին եւ հիմնախնդիրներուն, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի միասնական դասագիրքերու ստեղծման խնդիրին: Նաեւ նախարարութեան կողմէ մշակուած է յոբելինական հանդիսութիւններու շարք, որուն ծիրէն ներս այս տարի պիտի նշուի սփիւռքահայ գրողներ Ռուբէն Սեւակի, Կոստան Զարեանի եւ Յակոբ Օշականի յոբելեանները:
Արծարծուող թեմային մասին ելոյթ ունեցան նաեւ կլոր սեղանի այլ մասնակիցներ, դասխօսներ եւ ուսանողներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.