ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան», «Հայերն Այսօր».- Ըստ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, նախարարութիւնը նախաձեռնած է Հայաստանի համալսարաններու սփիւռքահայ շրջանաւարտներու համահայկական հաւաքի մը, որ պիտի կայանայ 2010ի Սեպտեմբեր 20-22ի միջեւ։
Հաւաքին նպատակն է՝
– Քննարկել Հայաստանի համալսարաններու սփիւռքահայ շրջանաւարտներուն դերն ու մասնակցութիւնը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, հայապահպանութեան եւ համայնքներու խնդիրներու լուծման գործին մէջ.
– Բարձրացնել Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ուսանողներուն հասարակական, իրաւական եւ այլ կարգի հիմնախնդիրները՝ առաջարկելով անոնց լուծման եղանակներ.
– Քննարկել եւ բարձրացնել շրջանաւարտներուն խնդիրները իրենց բնակած երկիրներուն մէջ.
– Քննարկել Սփիւռքի մէջ պահանջուած բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնները, մասնաւորապէս՝ ՀՀ համալսարաններուն մէջ պետական պատուէրով անվճար տեղերու յատկացման միջոցով.
– Մշակել ՀՀ համալսարաններուն մէջ գործող մասնագիտական կրթական ծրագիրներու մասին տեղեկատուական եղանակներ.
– Քննարկել Հայաստանի մէջ կրթութիւն ստացող սփիւռքահայ ուսանողներուն օգնութեան համար ֆոնտի ստեղծման, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ «Սփիւռքահայ ուսանողի տուն» հանրակացարանի կառուցման հարցերը։
Նոյն ծիրէն ներս կը նախատեսուի մասնակիցներուն այցելութիւնները ՀՀ համապատասխան համալսարաններ, ուր պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ, դասախօսութիւններ եւ համաժողովներ:
«Սփիւռքահայ շրջանաւարտների համահայկական ընկերակցութեան ստեղծումը կ՛աքթիւացնի գործող միութիւնների գործունէութիւնը, կը նպաստի Հայկական Սփիւռքի ներուժի համախմբմանը, հայ համայնքներում հայապահպանական նոր ծրագրերի մշակմանն ու իրականացմանը, Մայր հայրենիքի հետ կապերի ամրապնդմանն ու խորացմանը», ըսուած է նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի համալսարաններու սփիւռքահայ շրջանաւարտներուն հաւաքի մասին կարելի է ծանօթանալ www.new.mindiaspora.am կայքէջէն, իսկ մասնակցութեան դիմումները պէտք է ուղարկել hmekv@mindiaspora.am, hay shrjanavart@mail.ru եւ hayshrjanavart@gmail.com ելեկտրոնային հասցէներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.