ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».- 12 շաբաթ տեւած «Մենք հայ ենք» պատկերասփիւռի նախագիծին յաղթող ճանչցուած է ռազմական գործիչ Գարեգին Նժդեհը (1886-1955)՝ ստանալով աւելի քան 29,000 քուէ։
Սփռուելով «Հայ TV» հեռատեսիլի կայանէն եւ «Հ1» արբանեակային ալիքով՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ամենակարկառուն գործիչը ընտրող «Մենք հայ ենք» նախագիծը, ըստ անոր հեղինակներուն, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ ստեղծած է մեծ հետաքրքրութիւն։
Յիշեցնենք, որ 2009 Հոկտեմբերին սկսած նշեալ նախագիծի ներկայացման իւրաքանչիւր շաբթուան ընթացքին, փորձագէտներու քննարկումներուն յաջորդած է հետեւողներու քուէարկութիւնը՝ www.menqhayenq.am կայքէջին միջոցով՝ հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով։ Նշենք, որ հետեւող հանրութեան կողմէ առաջարկուած էր նաեւ մրցող ցուցակը, որ կ՛նդգրկէր 128 ազգանուէր գործիչի անուն, սակայն եզրափակիչ փուլ հասած էր 12 հոգի միայն։ Այնուհետեւ, 12 շաբթուան ընթացքին ներկայացուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան նշանաւոր 12 գործիչները՝ Արշակունեաց Պապ թագաւորը, Կիլիկիոյ առաջին թագաւոր Լեւոն Բ. Մեծագործը, Տիգրան Մեծը, Մեսրոպ Մաշտոցը, Գրիգոր Նարեկացին, Վարդան Մամիկնեանը, Կոմիտասը, Գարեգին Նժդեհը, Եղիշէ Չարենցը, Վիքթոր Համբարձումեանը, Արամ Խաչատուրեանը եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.։
«Ես վստահ եմ, որ նախագիծը ստացուեց, չնայած վերջին հաղորդումների ժամանակ հեռուստադիտողի մօտ հեռուստատեսային կախուածութիւն առաջացաւ: Նա սկսեց սպասել հերթական հաղորդմանը: Շատ նամակներ ենք ստացել, որ շարունակենք ծրագիրը, սակայն ես կարծում եմ, որ իւրաքանչիւր բան համեղ ու հետաքրքիր է դառնում իր աւարտով», յայտնած է նախագիծի հեղինակ եւ վարող Արթուր Բախտամեան:
Խօսելով առաջին դիրքը գրաւած ականաւոր դաշնակցական գործիչ Նժդեհի մասին՝ ան ըսած է, որ ժողովուրդին կողմէ անոր ընտրութիւնը ընդհանրապէս կապ չունի այն իրականութեան հետ, թէ Նժդեհը Հայաստանի իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդանիշն է:
«Վստահաբար, Նժդեհը հասարակութեան մէջ ունի միանգամայն ուրիշ պատկեր, չի նոյնացւում իշխանութեան հետ: Նա իր յստակ դերն ունի», ըսած է Բախտամեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.