ԵՐԵՒԱՆ.- Ոստիկանութեան պաշտօնական լրատուութենէն կ՛իմանանք, որ Մարտ 20ին, «Հայոց Աշխարհ» թերթի խմբագրութեան մէջ տեղի ունեցած է ծեծկռտուք, որուն իբրեւ արդիւնք՝ ոմն Մանուէլ Կիրակոսեան ծեծի ենթարկած է թերթի գլխաւոր խմբագիր Գագիկ Մկրտչեանը: Գագիկի որդին՝ Վահան Մկրտչեան, միջամտելով, իր կարգին հարուածած է Կիրակոսեանին:
Մ. Կիրակոսեանի եւ Գ. Մկրտչեանի հանդէպ նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն եւ կը կատարուի համապատասխան հետաքննութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.