ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».- Եւրոպայի խորհուրդի Խոշտանգումներու կանխարգելման կոմիտէն (ԽԿԿ) Մարտ 19ին հրապարակած է զեկոյց մը (www.cpt.coe.int)՝ Մարտ 1ի բախումներուն մասին, ուր կ՛ըսուի, թէ 2008ի յետընտրական դէպքերուն ընթացքին իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ձերբակալուած գրեթէ իւրաքանչիւր մարդ ենթարկուած է բռնութիւններու։
Նշենք, որ զեկոյցի հեղինակները Հայաստան այցելած են 2008ի Մարտ 15-17ի միջոցին, զրուցած են նոյն տարուան Փետրուար 19ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ Մարտ 1ի դէպքերէն ետք կալանաւորուած անձանց հետ:
«Վատ վերաբերմունքը, յատկապէս, կ՛ենթադրէ մահացու հարուածներ, մարմնին եւ գլխուն բռունցքներով եւ ոտքով հարուածներ, գետին հրելով պառկեցնել ու ոստիկանական մեքենայ քաշել: Վատ վերաբերմունքի մասին յայտարարող որոշ անձեր յայտնած են, թէ իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներէն ոմանք կրած են դիմակներ եւ ինքնութիւնը ճանչնալու համար ոչինչ ունեցած են իրենց հագուստին վրայ», ըսուած է Խոշտանգումներու կանխարգելման կոմիտէի զեկոյցին մէջ:
Կոմիտէն Հայաստանի իշխանութիւններուն կ՛առաջարկէ բացատրել իրաւապահ բոլոր մարմիններուն, թէ անազատութեան մէջ գտնուող անձերուն հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքը անօրինական է եւ պատժելի:
«Իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներուն պէտք է անհրաժեշտ միջոցներով պարբերաբար յիշեցնել, որ ձերբակալման ընթացքին պէտք չէ գործադրուի պէտք եղածէն աւելի ուժ: Անձը ձերբակալելէն ու անոր հանդէպ հսկողութիւն հաստատելէ ետք անոր ծեծի ենթարկելու համար որեւէ արդարացում չի կրնար ըլլալ», գրած են զեկոյցի հեղինակները:
Զեկոյցը հրապարակուած է ՀՀ կառավարութեան պատասխանին հետ, ուր ՀՀ իշխանութիւնները կը հերքեն զեկոյցին մէջ նշուած փաստերը եւ կը պնդեն, թէ ոստիկանութեան գործողութիւններուն մէջ որեւէ անօրինական քայլ չէ արձանագրուած:
Զեկոյցի հեղինակներուն հետ հանդիպած Հայաստանի Հելսինկեան ընկերակցութեան ղեկավար Միքայէլ Դանիէլեան յայտնած է, որ ներկայացուած է շատ ճիշդ կազմուած եւ անկողմնակալ զեկոյց, որուն հրապարակման փաստը կ՛ապացուցէ, թէ կոմիտէն չէ բաւարարուած իշխանութիւններուն պատասխանով:
«Սովորաբար, ԽԿԿը սպասում է, մինչեւ ստանայ իշխանութիւնների պատասխանը եւ զեկոյցը հրապարակում է հիմնականում այն դէպքում, երբ իշխանութիւնների պատասխանը համոզիչ չի լինում կոմիտէի համար», ըսած է Դանիէլեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.