ԿԱԼԿԱԹԱ.- Մարտ 16ին, Հնդ-կաստանի հայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն աբղ. Յովհաննիսեանը եւ Ս. Նազարէթ Մայր եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Մ. Դաթ, աւագ անդամներ Ս. Ռուբէն, Ս. Սոբթին, ինչպէս նաեւ անդամներ Պ. Հայրապետ եւ Հ. Ադամեան, այցելեցին Կալկաթայի «Անանտհակար» (Anandhagar) բարեգործական հաստատութեան Հայ եկեղեցւոյ ՁԻԱՀով (HIV/AIDS) երեխաներու խնամքի կեդրոնը, ուր ապաստան գտած են ՁԻՀՈՎով տառապող 3-13 տարեկան որբեր:
Խորէն աբեղայ աղօթեց երեխաներու առողջութեան համար, իսկ երեխաները, իրենց կարգին, երգ ու պարով ողջունեցին այցի եկած իրենց բարեկամները: Այնուհետեւ վարչութեան անդամները հիւանդանոցի տնօրինութեան հետ քննարկեցին հիւանդանոցի շէնքային պայմաններու բարելաւման հարցերը, նկատի ունենալով, որ 115 ՁԻԱՀով տառապող անօթեւան եւ որբ այլ երեխաներ, մահուան սպառնալիքի տակ անյապաղ բուժման եւ խնամքի կարիքը ունին:
Յատուկ այս հիւանդանոցը հիմնադրուած է 2006ին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ: Հիւանդանոցը սկզբնական շրջանին ունեցած է ՁԻԱՀով վարակուած 7 երեխայ, իսկ անոնց թիւը այսօր կը հասնի 37ի: