ՍՕԼԻԿԱՄՍԿ, «Թերթ».- Ըստ www.uitv.ru կայքէջին փոխանցած տեղեկութիւններուն, Մարտ 18ին, Ռուսիոյ մէջ սպաննուած է Սօլիկամսկ քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետ Օլգա Կարապետեանը:
Քննիչներուն կարծիքով, դէպքը կրնայ կապուած ըլլալ Կարապետեանի մասնագիտական գործունէութեան հետ։
Կայքէջը նաեւ նշած է, որ Օլգա Կարապետեան Սօլիկամսկի գլխաւոր ճարտարապետն է 2007էն ի վեր, եւ անոր ղեկավարութեան ընթացքին հաստատուած է քաղաքի ճարտարապետական գլխաւոր նախագիծը, որ կը նախատեսէր ցած յարկերով շէնքերու կառուցումը: Այդ նախագիծը նաեւ կ՛ենթադրէր շարք մը կառոյցներու քանդումը՝ նկատի ունենալով անոնց արտօնագիր չունենալու փաստը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.