Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանը կը տեղեկացնէ, թէ Փետրուար 23-24ին, Եութա այցելած է Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննէսեանը, եւ հանդիպում ունեցած է շրջանի հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք Փետրուար 23ին, ի պատիւ հիւպատոսին ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էին: Հանդիպման ընթացքին հիւպատոսը Հայաստանի վերջին իրադարձութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց համայնքին, որմէ ստացաւ նահանգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութիւն մը ունենալու խնդրանքը:
Եութայի հայութեան թիւին շուրջ յատկանշական տարբերութիւններով տուեալներ գոյութիւն ունին (2000էն 8000ի միջեւ), սակայն իրողութիւն է, որ ան զգալի աճ արձանագրած է յատկապէս վերջին երկու տասնամեակներուն, եւ հոն հաստատուած են Սումկայիթի ջարդէն վերապրած հայորդիներ: Հայութեան մեծ մասը կ՛ապրի Սոլթ Լէյք քաղաքը, սակայն ուրիշներ հաստատուած են նաեւ Լոկընի եւ այլ քաղաքներու մէջ:
Փետրուար 24ին, հիւպատոսը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եութայի նահանգային համալսարանի 22 հայ ուսանողներուն հետ, որոնք իրենց ուսումը կը ստանան շնորհիւ հայասէր Ճան Հանթսմենի նուիրատուութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.