Հենրիկ Անասեանի «Վերջին Հեքիաթը» հատորը, որ լոյս տեսած է Լոս Անճելըս, 2007ին:
Խորագիրին տակ կը կարդանք՝ «Պատմուածքներ, կէս կատակ, կէս լուրջ, հումոր, բանաստեղծութիւններ»:

Այս 179 էջնոց գիրքը խմբագրած է Սարգիս Մաճառեանը:
Ալեք Գլըճեան գիրքի վերջաբանին մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Հենրիկ Անասեան՝ երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար, գրող եւ հեղինակ:
«Բնութիւնը քիչ անգամ, եւ քիչերուն միայն պարգեւած է թանկագին նման տարողութիւններ:
«Տիրապետել բառերու յորձանքին, զտել զայն, կենդանացնել հոն մարդկային բազմագունակ սէրեր, խորհուրդներ, յուզումներ՝ գրական պարզագոյն տարազի մը տակ՝ Գրող-Հեղինակը…
«Իբրեւ գրող-հեղինակ, Հենրիկ Անասեան իր ուրոյն, սեփական կալուածին մէջն է միշտ՝ յստակ, անճիգ, անսեթեւեթ, առանց զարնուելու գրչախաղի խութերուն, եւ՝ մարդկայնօրէն հաղորդական: Պաճուճանք՝ երբե՛ք»: