ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».- Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար, գնդապետ Սէյրան Շահսուվարեանի, Հայաստանի տարածքային զինուորական շարք մը կեդրոններու մէջ սկսած է քաղաքացիներու հաշուառման գործընթացը, որմէ ետք մինչեւ 50 տարեկան անձինք կը տարուին զօրավարժութիւններու:
«Դա ոչ նորութիւն է, ոչ էլ միայն հիմա է կատարւում: Գործընթացը եղել է մշտապէս: Հաշուառում ենք մինչեւ 50 տարեկան բոլոր ՀՀ քաղաքացիներին: Դա աւելի շուտ յստակեցում է, որ տուեալ մարդը ռէալ (իսկական) կայ: Եթէ նրանք չեն ներկայանում, ապա ստիպուած կը լինենք ենթարկել պատասխանատուութեան ՀՀ զինապարտութեան մասին օրէնքի շրջանակում», յայտնած է գնդապետը եւ աւելցուցած, որ զանոնք զօրավարժութիւններու հրաւիրելու գործընթացը ունի հիմնական մէկ նպատակ, որպէսզի անոնք գիտնան իրենց յստակ դիրքը՝ հաւանական պատերազմի պարագային։
Խօսելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Նորուզի առիթով կատարած յայտարարութեան մասին, ըստ որուն, Ատրպէյճան պիտի շարունակէ զինել իր բանակը, գնդապետ Ս. Շահսուվարեան յայտնած է, որ ատրպեճանական նման յայտարարութիւնները պարզապէս ներքին օգտագործման եւ ժողովուրդը հանգստացնելու համար են:
Յիշեցնենք, որ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, թէ գտնուելով պատերազմական պայմաններու մէջ՝ կ՛աշխատին մեծցնել իրենց ռազմական ներուժը: «Մենք ամէն տարի պիտի աւելցնենք մեր բանակին համար տրամադրուող ծախսերը, պիտի ամրացնենք մեր բանակը եւ այնպէս ընենք, որ Ատրպէյճանի Զինեալ ուժերը ցանկացած պահու եւ շատ արագօրէն կատարեն Գերագոյն հրամանատարութեան կարգադրութիւնը», ըսած էր Ատրպէյճանի նախագահը։
Անդրադառնալով նշեալ յայտարարութեան՝ Սէյրան Շահսուվարեան ըսած է. «Եթէ Ատրպէյճանը, թէկուզ 5 րոպէով համոզուած լինի, որ պատերազմը շահելու է, ոչ ոքի չի սպասի՝ ո՛չ մեզ, ո՛չ ձեզ, ոչ էլ միջազգային հանրութեանը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.