ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան պետ Արման Եղիազարեանի, նախարարութեան կողմէ Ապրիլ 25-26ին պիտի իրականանայ «Հայ ինքնութեան որակների պահպանման հիմնախնդիրը խառնամուսնութիւններում» թեմայով խորհրդաժողով մը, որուն կրնան մասնակցիլ հայ ինքնութեան եւ խառն ամուսնութիւններու ուսումնասիրութեամբ զբաղող անձինք կամ խառն ամուսնութեան արդիւնք եղող ընտանիքի ներկայացուցիչներ:
Խորհդրաժողովին կը նախատեսուի ներկայացնել շուրջ 30 զեկոյցներ, որոնց միջոցով պիտի քննարկուին խառն ամուսնութիւններու մէջ հայ ինքնութեան պահպանման վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ինքնութիւնը վտանգող հանգամանքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.