ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, որ հարիւր հազար հայաստանցիներ կրնան Թուրքիայէն վտարուիլ, խիստ հակազդեցութեան արժանացած է քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան նախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշի կողմէ։
«Հապերաքթիւել» կը հաղորդէ, որ Տեմիրթաշ իր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին մէջ խօսած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առաջարկած սահմանադրական բարեփոխումներու ծրագիրին մասին, ինչպէս նաեւ արձագանգած է Էրտողանի նշեալ յայտարարութեան:
Տեմիրթաշ ըսած է, որ «Վարչապետին այս խօսքը իշխող կուսակցութեան ժողովրդավարական արժէքներու չափանիշը ցոյց կու տայ։ Ատիկա 1915ի արդիական՝ 2010ի տարբերակն է, Թալիաթ ու Էնվեր փաշաներու 2010ի տարբերակը»։
Միւս Կողմէ, «Մեթրօփոլ» ընկերութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, թէ թուրքերուն 48.8 առ հարիւրը կը զօրակցի ապօրինի կերպով Թուրքիա բնակող հայերը երկրէն արտաքսելու Թուրքիոյ վարչապետի գաղափարին: Միայն 33.9 առ հարիւրը կ՛ընդդիմանայ անոր։
Նշենք, որ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին ստաձած էր քուէներուն 47 առ հարիւրը, ինչ որ փոքր համեմատութեամբ նուազ է քան հայերը վտարելու անոր գաղափարին զօրակցողներուն համեմատութեան։