ՊՈԼԻՍ.- «Ազատութիւն» կայանի թղթակից Հեղինէ Բունիաթեան կը հաղորդէ, որ թրքական «Թարաֆ» թերթի հայազգի թղթակից Սեւան Նշանեանի հետ ունեցած է զրոյց մը, որուն ընթացքին այս վերջինը իրեն յայտնած է, թէ «Թուրքիոյ մէջ վերջին մէկ-երկու տարիներուն, հայկական հարցին շուրջ վերաբերմունքը արմատապէս փոխուած է. այժմ, թրքական մամուլի գրեթէ իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ պատրաստ է ազատօրէն արտայայտելու իր դիրքորոշումը այդ խնդիրին շուրջ: Լրագրողներն ու մտաւորականները սկսած են ոչ միայն ազատօրէն խօսելու այդ թեմային մասին, այլեւ՝ ընդունելու այդ փաստը»:
Նշանեան նաեւ ըսած է. «Այժմ, թրքական մամուլի գրեթէ իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ յստակ դիրքորոշում ունի հայկական ջարդերուն վերաբերեալ. գրեթէ բոլոր թերթերու ներկայացուցիչները Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ իրողութիւն կ՛ընդունին, եւ այս օրերուն լրջօրէն կը քննադատեն վարչապետ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնը՝ Թուրքիա ապօրինի կերպով ապրող հայերը արտաքսելու մասին»:
Այս առումով, Սեւան Նշանեան այնքան ալ զարմանալի չի գտներ Հայկական Հարցին առնչութեամբ ընթերցողներուն կողմէ վերջերս «Թարաֆ»ի մէջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութիւնը:
«Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Մեծ աղէտին նկատմամբ, մեր խիղճը մեզ թոյլ չի տար ժխտել զայն», գրած էին աւելի քան մէկ տասնեակ թուրք մտաւորականներ, որոնք քննադատած էին թուրք վարչապետին վերջին յայտարարութիւնը:
«Յայտարարութեան հեղինակներէն ոմանց կը ճանչնամ, եւ վստահ եմ, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր այս կարծիքը կը կիսեն շատեր», ըսած է «Թարաֆ»ի մեկնաբանը:
«Հրանդ Տինքի սպանութիւնը շրջադարձային պահ եղաւ Թուրքիոյ համար. եթէ մինչ այդ, անհնար էր խօսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, եթէ մինչ այդ, անոր մասին խօսելու պարագային կրնային դատապարտել կամ անարգանքի սիւնին գամել, ապա այժմ իրավիճակը կարծես 180 աստիճանով փոխուած է», նշած է Սեւան Նշանեան՝ աւելցնելով. «Թրքական պետութեան գաղափարական հիմքը կը փլի աչքերու առջեւ, այլ կերպ ասած՝ լայն տարածում կը գտնէ այն համոզումը, որ եթէ ռազմաքաղաքական վերնախաւը բան մը ըսէ, ապա մեծ է հաւանականութիւնը, որ այդ ըսուածը սուտ է: Այնպէս որ, եթէ անոնք կը պնդեն, թէ Հայոց Եղեռն տեղի չէ ունեցած, մարդիկ կ՛եզրակացնեն, թէ անիկա իրողապէս եղած է: Ասիկա շատ մեծ փոփոխութիւն է թրքական պետութեան մէջ»:
Այո ‘, շատ ճիշտ է ասիկայ:Վերջի 2-3 տարուայ մէջ Թուրքիոյ մէջ այլեւս կարելի եղած է խօսիլ ամէն ինչի մասին որ նախ կարելի չէր խօսիլ:Նոյնպէս կարելի է խօսիլ ձեղասպանութեան մասին <>բառը գործածելով:Ասիկայ կը պարտինք վարչապետ էրտողանին եւ իր կառաւարութեան բայց դժբախտաբար կը պարտինք նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան:Հրանդի սպանութենէ վերջ շատ բաներ փոխուեցան Թուրքիոյ մէջ:երանի թէ Հրանդ հիմա ողջ ըլլար եւ տեսներ այս բոլորը:
Intcu hamar im eradz commentners tcek hradarager artyok.Vorosh badjar me ga?Artyok skhal pan me genem vor tcek hradarager.
Harkankner