ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Նախքան սկսիլը, կ՛ուզեմ յստակացնել, թէ սոյն կոչը զուտ անհատական նախաձեռնութեան արդիւնք է, եւ յուշուած չէ տեղւոյս Գրողներու միութեան կողմէ։
Ինչպէս արդէն յայտարարուած էր, Կիրակի, Մարտ 7, 2010ին, կէսօրէ ետք ժամը 3ին, Կլենտէյլի «Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու տարեկան ընդհանուր ժողովը։ Միութեան 60 անդամներէն 35ին մասնակցութեամբ կատարուեցան նաեւ վարչական ընտրութիւններ։ Ատենօք մամուլին ղրկուած հաղորդագրութենէն հայ ընթերցողը ծանօթ է ընտրութեան արդիւնքներուն։ Կիրակի օրուան ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած արեւմտահայ գրողներուն թիւը 6 էր՝ Հրանդ Սիմոնեան, Սամուէլ Մկրտիչեան, Մարի Գարալեան, Վարդերես Գարակէօզեան, Օշին Քէշիշեան եւ այս կոչը ստորագրողը։
Սիրելի արեւմտահայ գրչեղբայրներ եւ քոյրեր, ներկայ կոչով ձեզի կը դիմեմ, իբրեւ սրտցաւ սփիւռքահայ մը։ Մէկը, որ փորձած է հեռու մնալ հատուածական մտածողութենէ։ Արդարեւ, ափրիկեան 20 տարիներու մեկուսացումս ու այդ շրջանին զիս զգետնող հայու կարօտախտը բուժեցին ու սրբագործեցին ձեր պանդուխտ գրչեղբայրը վտանգաւոր այդ ախտէն։ Եթէ հետագայ տողերուս մէջ արեւելահայու եւ արեւմտահայու հարց կ՛արծարծեմ, անոր պատճառն է փնտռել այն ցաւալի իրողութեան մէջ այն, թէ թուրքն ու համայնավարութիւնը յաջողեցան կոտորակել մեր ժողովուրդը ու սեպ խրել անոր սիրտը։ Չսպիացող այդ վէրքին գոյութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս, ինծի պէս մտածողները համոզած է, թէ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի, աբեղեանական նոր ուղղագրութեան եւ դասականին միջեւ տարուող սին պայքարները լաւագոյն պարագային կը ծառայեն մեզ՝ իբրեւ սփիւռքացած հաւաքականութիւն, տկարացնելու, պառակտելու ու բաժանելու։ Այսօր քառասունէ վար եղող նոր սերունդը, դադրած է հայերէն խօսելէ եւ բնականաբար՝ կարդալէ։ Սիրելինե՛ր, օր ցերեկով, մեր քիթին տակ լեզուասպանութիւն կը կատարուի, դարաւոր մեր մշակոյթն ու լեզուն կը մեռնին, իսկ մենք հաւաքականօրէն յանձնուած ենք բիւզանդական վէճերու ու չենք կրնար որոշել հրեշտակներուն ի՞նչ սեռի պատկանիլը։ Տխուր այս խորապատկերին դիմաց անկարելի է չընդվզիլ։
«Եղբա՛յր, հայերէն թող կարդան ալ, ի՛նչ ուղղագրութեամբ ըլլայ, թո՛ղ ըլլայ…», կը գոչենք լիաթոք՝ մեր ձեռքերը աղաչական երկինք բարձրացնելով։
Կիրակի երեկոյեան, երբ ընտրական ժողովէն տուն վերադարձայ, համակարգիչի ետին նստած՝ ուզեցի մէջս փոթորկող ցասման զգացումը խեղդե՛լ, եւ ակամայ, քալիֆորնիահայ գրողներու ամբողջական ցանկը սկսայ աչքէ անցնելու, ու կտոր մը սպիտակ թուղթի վրայ արձանագրելու մասնաւորապէս այն արեւմտահայ վաւերական գրողներուն անունները, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով ներկայ չէին ընտրական մեր ժողովին։ 37 երկսեռ գրողներ յայտնաբերեցի հոն՝ տակաւին զանց առնելով վերջին տարիներուն մահացածները։ Կրնայի արեւմտահայ վաւերական այդ գրողներուն ցանկը հրատարակել այստեղ։ Դիմադրեցի գայթակղեցուցիչ փորձութեան՝ ոմանց զգայնութիւնները չվիրաւորելու փափկանկատութենէն մեկնելով։
Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն, հակառակ փոքրամասնութիւն ըլլալնուս, կը շեշտեմ՝ հակառակ արեւմտահայերուս զանցառելի թիւին, արեւելահայ մեր եղբայրները Օշին Քէշիշեանը, Մարի Գարալեանն ու այս կոչին հեղինակը նոր վարչութեան անդամ ընտրեցին։ Օշինը եւ Մարին հրաժարեցան վարչութեան մաս կազմելէ՝ բազմազբաղութիւն պատճառաբանելով։ Իմ պարագայիս, հակառակ առողջական աննախանձելի վիճակիս ու գրական բազմապիսի ծրագիրներով բեռնաւորուածութեանս, ներկաներուն ցանկութեան տեղի տուի՝ թելադրուած ներկայ կոչին մէջ պարփակուած պատգամը արեւմտահայ գրող ընկերներուս հասցնելու մտահոգութենէն:
Այստեղ, բնական է, որ հարց տրուի, թէ՝ ի՞նչն է պատճառը, որ արեւմտահայերս հեռու կը մնանք ամերիկահայ գրողներու կազմակերպեալ ու գործօն միակ կառոյցէն։ Պիտի չծամծմեմ բառերս, որպէսզի խօսքս հատու ու կառուցողական իր շեշտը չկորսնցնէ։
Ցարդ մեր միութեան հասցէին եղած մեղադրանքները.
ա. Թէ՝ արեւմտահայ գրողները, պարզապէս, չեն ախորժիր արեւելահայերուն սնապարծ, մեծամիտ պահուածքէն։
Հայաստանի գրողներու միութիւնն ալ 99 տոկոսով արեւելահայերէ կը բաղկանայ, եւ մերոնց հետ նոյն համալսարանները յաճախած ըլլալով՝ անոնք կը յատկանշուին կենցաղագիտական նոյն չափանիշներով։ Հարց կու տանք. ինչո՞ւ Հայաստանի գրողներու միութեան նոյնքան «մեծամի՛տ» անդամներուն հետ մեր յարաբերութիւնները սիրալիր են ու ընկերական, եւ աւելին՝ մեզ հպարտութեան առիթներ կ՛ընձեռէ անոնց մօտիկութիւնը, իսկ արտագաղթողները կ՛արժանացնենք մեր անտարբերութեան ու արհամարհանքին։ Կը մերժենք անոնց հետ կիսել ստեղծագործ մարդու ընկերային ու գրական ուրախառիթ պահերն ու բերկրանքը։
բ. Թէ՝ անհարազատ կը գտնենք ու կը խրտչինք ՔՀԳ միութեան հաղորդագրութիւններու լեզուէն եւ աբեղեանական ուղղագրութենէն։
Պահ մը սեպենք, թէ այդպէս է։ Փոխանակ հեռուէն քննադատելու եւ մեր անհանդուրժողականութեամբ արեւմտահայերը Սփիւռքի մէջ իսկ փոքրամասնութեան վերածելու, եկէ՛ք, խտացուցէ՛ք մեր շարքերը ու բարի օրինակ ծառայեցէ՛ք։ Խօսքս մասնաւորաբար երիտասարդ գրողներու կ՛ուղղեմ։ Մեր սերունդը, թէեւ պատնէշի վրայ է դեռ, սակայն պէտք է լրջօրէն մտածէ սերնդափոխութեան ու հայ գրականութեան ջահը նորերուն փոխանցելու մասին։ ՔՀԳ միութիւնը, լեզուական քաղաքականութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ։ Երեք-չորս տարի առաջ, երբ միութեան քարտուղարութիւնը վստահուած էր այս գրողին, բնական է, հաղորդագրութիւնները արեւմտահայերէն կը գրուէին եւ դասական ուղղագրութեամբ։ Եւ արդարութեան սիրոյն, օր մըն ալ արեւելահայ գրող մը չելաւ ու «ընկեր Կուպելեան, ինչի՞ ձեր աչքին վրայ յօնք կայ» չըսաւ, որովհետեւ արեւելահայերը մեզմէ աւելի լայնամիտ են, երբ խնդիրը լեզուական եւ ուղղագրական հարցերու կը վերաբերի։ Մենք ենք, որ մեր լեզուն ու դասական ուղղագրութիւնը «ֆէթիշ»ացուցած ենք, առանց կարենալու «ֆէթիշ»ացման մեր արարքներով՝ քառասունէ վար եղող նոր սերունդին այլասերումը կանխելու։
գ. Թէ՝ արեւելահայերը, գրական մեր երեկոները շատախօսութեան կը վերածեն, թէ կարգապահութեան ու օրէնքի հանդէպ ոչ մէկ յարգանք ունին։ Գուցէ իրաւունք ունի՛ք, որովհետեւ հայրենի վարժարաններու մէջ, տէրթոդիկեան երկաթեայ «տիսիփլին»ով ու վայրագ ծեծերով հասակ նետած չեն անոնք, ուստի, կարգ ու կանոնի եւ ճշդապահութեան հանդէպ քիչ մը անհոգ են։ Վարչական մեր առաջին հանդիպման, այդ առնչութեամբ շինիչ թելադրանքներ եղան։
դ. Թէ՝ միութեան նախագահը Դաշնակցութեան անդամ է եւ նոր ուղղագրութեան ջատագով…
Բարեբախտաբար, ՔՀԳՄ հեռու է կուսակցական մոլեռանդութենէն ու անոր հետեւանքը հանդիսացող սին բանավէճերէ։ Շատերը կը յիշեն, թէ միութեան առաջին նախագահը՝ տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեանը, հանրայայտ հնչակեան գործիչ էր, եւ վարչութեան դաշնակցականամիտ անդամներուն ձայներով նախագահ ընտրուեցաւ։ Ըստ մեր հայեցողութեան, հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններէն որեւէ մէկուն անդամակցիլը ոճիր չէ, այլ՝ զոհողութեան ոգիի եւ հայրենապաշտութեան դրսեւորում ու փաստ։ Մենք մեր ձայները Գրիշ Դաւթեանին չտուինք իր կուսակցական պատկանելիութեան համար, այլ անոր համար, որ անշահախնդիր ու կարող անձնաւորութիւն է, որ կազմակերպչական տաղանդով, երկար շունչով ու յարատեւելու կամքով օժտուած է։
ե. Թէ՝ ՔՀԳ Մլութիւնը մակարդակ չունի։
Այն ատեն, ինչո՞ւ հեռուէն կը քննադատէք եւ միութեան շարքերը խտացնելով՝ ձեր աստուածատուր տաղանդն ու անառարկելի բա՛րձր մակարդակը չէք ներդներ կազմակերպչական ու գրական թափուած ճիգերուն։ Ձեր փնտռած իտէալ հաւաքականութիւնը, դժբախտաբար, գոյութիւն չունի, ոչ ալ ձեր պատկերացուցած գրողներու իտէալ միութիւնը կարելի է հիմնել ներկայ տուեալներով։ Հաւաքական մեր ուժերով մե՛նք պիտի կերտենք իտէալականը։ Անոր հասնելու համար, միասնական ճիգ, զոհողութիւն ու անանձնական նուիրում է հարկաւոր։ Եկէ՛ք վերջ դնենք գրական ինքնամեկուսացման։ Իջնե՛նք մեզ ամլացնող ու մենաշնորհեալի խաբուսիկ գգուանք ու թրթիռ պարգեւող աշտարակներէն։ Գրկե՛նք մեր տաղանդաւոր քոյր եղբայրները, հոգ չէ, թէ ի՛նչ ուղղագրութեամբ կը ստեղծագործեն անոնք։
Երեք ամիս առաջ, Օտարագիր հայ գրողներու գիտաժողովին, հրաւէր ուղղեցինք ներկաներուն, որ հայագիրներու միանալով՝ ամեհի ուժ կազմեն միասին։ Անհեթեթ պիտի հնչէր այդպիսի հրաւէր մը, եթէ հայագիրներս անմիաբան ու կոտորակուած ուժերով դիմագրաւենք քսանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրները։ Սասունեանները, Մարաշլեաններն ու Այնթապլեանները համասփիւռքեան կառոյց կ՛ուզեն յառաջացնել։ Առանց գրողներու ու մտաւորականներու միաւորուած կազմակերպութեան, այդ ի՞նչ համահայկական կառոյցի մասին է խօսքը…
Սիրելի արեւմտահայ գրող եղբայրներ ու քոյրեր, եկէ՛ք միանանք, որպէսզի ուժ դառնալով՝ նոր սերունդի գրողներուն համար քաղաքակիրթ, տանելի պայմաններ ստեղծենք, հրատարակչութիւն հիմնենք, ընկերային ու գրական ճոխ հաւաքոյթներ կազմակերպենք, նոր հրատարակուած գործերը գրախօսելով՝ հայ գրականութիւնն ու լեզուն պանծացնենք, իրարու հոգերն ու ցաւերը կիսենք։
Մեր ուժը՝ մեր միասնականութեան մէջ է:
Եկէ՛ք մտածենք այդ մասին:
Պրն. Պօղոս Գուբելեան,
Ես մի քանի անգամ արդէն փորձել եմ ձեր ուշադրութիւնը գրաւել, բայց աւաղ ձեր կողմից ոչ մի կարեւորութիւն չեմ ստանում։ Եթէ գրողների մի միութիւն այսպէս անզգօն է, այլեւս հարկ չէ նոյնիսկ ձեր մասին կարդալը։
Ես նորից պիտի կրկնեմ ինչ որ Արամ Խաչատուրեանն է ասել Ստալինին երբ այս վերջինը փորձել է մի քոլխոզի վերածել երգեհոններին իրար մէկ գլխի բերելով, որ՝ «Պրն. Ստալին՛ սինֆոնի հնարելը անհատական մի հնար է եւ դա քոլխոզի չէք կարող վերածել»։
Եկէք ուղիղ ասեմ թէ ին՞չ է ձեր սխալը։ Նախ ճիշտ է «Միասնութիւնը ուժ է», սակայն եթէ դա միասնութիւն է, եւ ոչ թէ մի ամբոխ կողք կողքի դրուած։ Երկրորդ, արդեօք կարել՞ի է երկու մարդ մի ջութակ նուագեն։ Որոշ ասպարէզներ կան որ աւելի ճիշտ կ՛գործեն եթէ անբնական միոյթներ չկազմուեն։ Օրինակ՝ երգեհոնը աւելի ստեղծագործ է երբ նա մենակ է աշխատում։
Գրութիւնն էլ այսպիսի մի բան է։ Եղբայրներ՝ «Գրողների Միութիւն» ասուածը արդէն ինքնին սխալ սահմանում է։ Այդպիսի բան երբեք չի եղել եւ չի կարող լինի։ Կարող էք ասել տպագրութեան մի միութիւն, բայց գրողների, դա չի կարելի։
Նախ, մի քիչ հեռացէք իրարուց որպէսզի բաւարար տեղ ունենաք ազատ աշխատելու, եւ ապա միայն աշխատէք գրել եւ ոչ թէ քաղաքականութիւն բանեցնել իրար կամ ժողովուրդի վրայ։
Գալով ուղղագրականոնի հարցում, յայտնեմ որ ուղղագրականոնը որոշւում է տպագրութեան միութեան կողմից, դրան պէտք է հետեւեն բոլոր գրողները, կամայ թէ ակամայ։ Գրողը ինքն է որոշում իր ոճը եւ հայերէն բարբառը, ոչ մի միութիւն չի կարող այսպիսի գեղարուեստական նուրբ տարրերի վրայ անբնական համակարգ պարտադրէ։ Այսինքն՝ օրինակ Յովհաննէս Թումանեանին չէք կարող ասել որ նա Յակոբ Պարոնեանի բարբառով պէտք է գրի, դա բարբարոսութիւն է աւելի քան «բարբառ»–ոսութիւն։
Իմ մօտ շատ աւել կարծիքներ կան, եւ ուրախ կլինեմ զրուցել ձեր հետ, բայց ոչ այս տողերի ներքոյ…
Նաեւ, խնդրում եմ Մանուկ Աբեղեանին աւելի չպղծէք։ Սովետական ուղղագրութիւնը Ղազարոս Աղայեանի սխալն էր քան որեւէ այլ մարդու։ Սխալ տեղեկութիւններ մի տարածէք մեր ժողովուրդի վրայ։