ՎԱԼԵՆՍԻԱ (Սպանիա).- Վերջերս, Սպանիոյ հայաշատ շրջաններու կաթոլիկ եկեղեցիներուն մէջ սկսած են հայկական պատարագներ մատուցուելու:
Քաթալոնիոյ Գալոնժէ շրջանին մէջ հաստատուած Սպանիոյ եւ Փորթուկալի թեմերու հայրապետական պատուիրակ Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեանի համար, այս եւ այլ կազմակերպչական խնդիրներու առկայութեան լոյսին տակ, բնաւ հեշտ չէ կատարել ամէնօրեայ ծառայութիւն: Այդուհանդերձ, ամսուան չորս Կիրակիները բաժնելով սպանական այն քաղաքներուն վրայ, ուր այժմեան դրութեամբ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կ՛ապրին, հոգեւոր հայրը հնարաւոր դարձուցած է պատարագ մատուցելը հաւատացեալներուն, իրենց բնակութեան վայրին մէջ:
Առ այդ, ամսուան առաջին Կիրակի օրը ան կը գտնուի Պարսելոնա, երկրորդը՝ Վալենսիա, երրորդը՝ Մատրիտ, իսկ չորորդը՝ Ալիքանթէ: Նշուած բոլոր վայրերուն մէջ պատարագները կը մատուցուին կաթոլիկ եկեղեցիներու մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.