ՏԱՊԼԻՆ.- Իրլանտաբնակ հայազգի փրոֆ. դոկտ. Մարիա Պաղրամեան, Մարտ 16ին ընտրուեցաւ Իրլանտայի թագաւորական ակադեմիոյ անդամ։ Սոյն ակադեմիան, որ հիմնուած է 1785ին, Իրլանտայի գիտութեան եւ մշակոյթի մեծագոյն կեդրոնն է։ Մարիա Պաղրամեան առաջին ոչ եւրոպացի կինն է, ինչպէս նաեւ առաջին հայը, որ անդամ ընտրուած է Իրլանտայի թագաւորական ակադեմիոյ։
Փրոֆ. Պաղրամեան ծնած ու մեծցած է Իրանի մէջ։ 1977ին աւարտած է Թեհրանի համալսարանը, այնուհետեւ՝ Պելֆասթի «Քուինզ» համալսարանը եւ Տապլինի «Թրինիթի» քոլեճը։ 1990էն սկսեալ փիլիսոփայութիւն կը դասաւանդէ Տապլինի համալսարանական քոլեճին մէջ։ Ան միջազգային ճանաչում ունի լեզուի փիլիսոփայութեան եւ ժամանակակից ամերիկեան փիլիսոփայութեան վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններով։ Անոր գիտական հետաքրքրութիւնները կը ներառեն նաեւ վերլուծական փիլիսոփայութիւնը, գիտելիքի հիմնական տարրերը ուսումնասիրող փիլիսոփայութեան ճիւղը եւ յարաբերականութիւնը։
Մարիա Պաղրամեան Իմացական գիտական ծրագրի համատնօրէնն է եւ Տապլինի համալսարանական քոլեճի փիլիսոփայութեան դպրոցի փոխտնօրէնը։ Հեղինակ է քանի մը աշխատութիւններու։ Պաղրամեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է «Լեզուի ժամանակակից փիլիսոփայութիւնը» աշխատութիւնը, որ լայնօրէն կը գործածուի որպէս դասագիրք։ Գիտնականը 2004էն ի վեր նաեւ «Փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններու միջազգային հանդէս»ի խմբագիրն է։
Մարի Պաղրամեան աշխուժօրէն ընդգրկուած է լեզուի փիլիսոփայութեան վերաբերեալ միջազգային հետազօտական ցանցին մէջ, նաեւ Տապլինի մէջ փիլիսոփայական գիտաժողովներու պատասխանատուն է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.