
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Կիրակի, Մարտ 27ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ յունական ու կիպրական կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ, բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Մարտ 4ին Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկման ընթացքին բանաձեւին դէմ քուէարկած ներկայացուցիչ Մայքըլ Մըք Մեհընի ի նպաստ կազմակերպուած դրամահաւաքի ձեռնարկի մը ընթացքին:
Դրամահաւաքի ձեռնակին մուտքին հաւաքուած ցուցարարները դատապարտեցին թրքական կազմակերպութիւններէ եւ թուրք նուիրատուներէ օժանդակութիւն ստացող ներկայացուցիչը, որ ոչ միայն բանաձեւին դէմ քուէարկած էր, այլ տարիներէ ի վեր ձեռնածալ կը մնայ հիւսիսային Կիպրոսը բռնագրաւող Թուրքիոյ իշխանութեանց նկատմամբ, եւ լուռ կը մնայ Թուրքիոյ փորքրամասնութեանց դէմ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն դիմաց:
Ցոյցը կազմակերպուած է «Ալի Պապա Թերաս» ճաշարանին առջեւ, ուր տեղի կ՛ունենար դրամահաւաքը, որուն կը մասնակցէին նաեւ թուրք դիւանագէտներ:
«Ըստ երեւոյթին, քոնկրեսականը հատուցում կը ստանար իր քուէին համար», կը յայտնէ Նիւ Եորքէն Հայ Դատի գործիչ Փօլ Սարեան:
Յառաջիկայ ընտրութիւններուն ՄըքՄեհընի ընդդիմացող երկու թեկնածուներ՝ Մայքըլ Ալեկրեթի եւ Մայքըլ Կրիմ, խոստացած են Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ի նպաստ քուէարկել: Կրիմ նաեւ կը յայտնէ, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը պակասաւոր պիտի ըլլայ, այնքան ատեն, որ Թուրքիա չէ ճանչցած Հայկական Ցեղասպանութիւնը: