ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Պոլսոյ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան խորհուրդի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ Մարտ 26ին տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Շիրինօղլուի յայտարարութիւնը բողոքի ալիք մը յառաջացուցած է պոլսահայերուն մօտ:
«Մենք տարբեր Թուրքիայի մը մէջ կ՛ապրինք» խորագիրը կրող յայտարարութեան հրապարակման ու ստորագրահաւաքին նախաձեռնած են «Ակօս»ի նահատակ խմբագիր Հրանդ Տինքի ընտանիքին անդամները:
Ստորեւ՝ բողոքի յայտարարութեան հայերէն գրեթէ բառացի թարգմանութիւնը.
«Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի՝ 26 Մարտ, 2010 թուականին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք ըրած յայտարարութիւնը տհաճութեամբ մտիկ ըրինք: Ժողովուրդին սխալ մեկնաբանուած այս յայտարարութիւնը բացատրութեան կը կարօտի:
Շիրինօղլու Թուրքիոյ հայ համայնքին պետը չէ (թերթերը եւ հեռատեսիլը այդպէս ներկայացուցած էին զինք):
Վարչապետարանի մամլոյ կեդրոնէն հաղորդուած լուրին մէջ, իբրեւ Պոլսոյ հայ համայնքի պետ ներկայացուած Պետրոս Շիրինօղլուն, այդ կարգավիճակը չունի, այլ՝ ան Պոլսոյ Ս. Փրկիչ հիւնադանոցի ատենապետն է, եւ այս տիտղոսը իրեն հայ համայնքի անունով յայտարարութիւններ ընելու իրաւունք չի տար: Ուրեմն, Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութիւնները միմիայն իր անձնական գաղափարները կը ցոլացնեն: Կը սպասենք, որ անոնք, որոնք թիւրիմացութեան կը մատնեն համայնքը, սրբագրեն իրենց այս սխալը:
ՇԷՆՔԵՐԸ ՉԵՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԱԾ
Հակառակ անոր, որ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի վարչութիւնը տարիներ առաջ թուրք պետութեան կողմէ գրաւուած ութ շէնքերուն վերադարձուելուն համար վարչապետին շնորհակալութեան այցելութիւն տուած էր, պետութեան կողմէ գրաւուած շէնքերուն խնդիրը տակաւին չէ լուծուած: Վերջերս պետութեան կողմէ գրաւուած շէնքերը ետ պահանջող 1410 դիմում եղած է, բայց անոնցմէ միայն 96ին համար արտօնութիւն տրուած է: Աս ալ խնդիրին որքան լուրջ ըլլալը կը բացատրէ:
ՄԵՐ ԱՊՐԱԾ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՏԱՐԲԵՐ Է
Լսելէ ետք Շիրինօղլուի այն յայտարարութիւնը, թէ՝ «Հայերը իրենք զիրենք Թուրքիոյ մէջ ապահով կը զգան: Անոնցմէ բնաւ գանգատ մը լսա՞ծ էք մինչեւ հիմա», մենք մտածեցինք թէ հաւանաբար մենք ուրիշ Թուրքիոյ մը մէջ կ՛ապրինք: Շիրինօղլու ինքնզինք այս երկրին մէջ ապահով կրնայ զգալ, բայց այն յայտարարութիւնը, թէ՝ «հայերը Թուրքիոյ մէջ իրենք զիրենք ապահով կը զգան», սո՛ւտ է: Հայերը Թուրքիոյ մէջ ցեղային եւ ազգային խտրութեան կ՛ենթարկուին եւ քաղաքական նպատակով կը շահագործուին: Հանրութեան մէջ հայերուն դէմ թշնամութիւնը տակաւին մեծ չափով կը շարունակուի: Մենք Շիրինօղլուէն կը սպասէինք, որ ասկէ երեք տարի առաջ իրագործուած Հրանդ Տինքի սպանութիւնը յիշեցնէր վարչապետին, եւ պահանջէր, որ պատասխանատուները ձերբակալուին:
ԱՆՑԵԱԼԻ ՀԵՏ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ ՊԷՏՔ Է ԳԱԼ, ԱՅԼ ՈՉ Թէ ԱՆՏԵՍԵԼ
Մենք կը դատապարտենք այն մտայնութիւնը, թէ 1915ին պատահածներուն համար «ընկերներու կռիւ» ըսելով՝ կը բնութագրուի 20րդ դարուն սկիզբը մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի հայերուն աշխարհի չորս անկիւն պարտադրուած ցրուումը: Թուրքիոյ հայութեան թիւը հիմա 60 հազարի նուազած է: Կը դատապարտենք նաեւ մարդկութեան դէմ իրագործուած այս մեծ ոճիրին վրայ գոցելու ջանքերը եւ յայտարարութիւնը: Արդար դատավարութիւնը անցեալը քօղարկելով չըլլար, այլ՝ անցեալին հետ դէմ յանդիման գալով:
Պետրոս Շիրինօղլուի եւ վարչապետ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած այս հանդիպումը վարչապետին հարիւր հազար հայաստանցիներ երկրէն արքսորելու յայտարարութենէն անմիջապէս ետք ըլլալը եւ սխալ յայտարարուած այս հարիւր հազար թիւին համար Շիրինօղլուին ներողութիւն խնդրելը մեզի կասկած կը ներշնչէ: Այդպէս կը կարծենք, որ բոլոր այս բեմադրութիւնը՝ (Թուրքիոյ-Խմբ.) կառավարութիւնը աշխարհին առջեւ բարեացակամ ցոյց տալու համար կազմակերպուած խաղ մըն է: Այս սխալը միայն թուանշաններու սխալ մը չէ, այլ յայտարարութեան եւ մտայնութեան սխալ մըն է, որուն համար ալ վարչապետն է, որ ներողութիւն պէտք է խնդրէ, եւ ոչ թէ՝ մենք:
Մենք կը դատապարտենք վարչապետին այս յայտարարութիւնները եւ կը յայտնենք, որ չենք բաժներ Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութիւնները:
ajd eshekogloo-in petkh e satketsnel