ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն».- 19 Մարտ 2010ին, Րաֆֆի Թիթիզեան, որ 1985 թուականէն ի վեր արգելափակուած էր գանատական բանտերուն մէջ, օրինական երկարատեւ եւ հանգրուանային գործընթացի մը իբրեւ յանգում, իր պայմանաւորուած արձակումը ստացաւ Գանատայի բանտային սպասարկութենէն:
1985ին, Օթթաուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան գրաւման եւ այդ դէպքին ընթացքին պահակի մը կեանքի կորուստին իբրեւ հետեւանք, Րաֆֆին դատապարտուած է ցմահ բանտարկութեան:
Պայմանաւորուած արձակման շնորհումը օրինապէս բան չի փոխեր յիշեալ ծայրագոյն դատավճիռէն, սակայն կ՛ազդէ անոր գործադրութեան պայմաններուն վրայ: Հետեւաբար, այժմու դրութեամբ, քառորդ դար բոլորելէ ետք ճաղերու ետին, նկատի ունենալով, որ ան Գանատայի Ներգաղթի գործակալութեան կողմէ երկրէն արտաքսուելու հրամանագիրին ենթարկուած էր, Գանատայի օրէնքներուն հիման վրայ եւ ճամբորդական հարկաւոր վաւերաթուղթերու ձեռքբերումով, 30 Մարտ 2010ին, Րաֆֆի Թիթիզեան արտաքսուեցաւ Գանատայէն:
(Գէորգ Մարաշլեան եւ Հովիկ Նուպարեան, որոնք նոյն դէպքերուն պատճառով դատապարտուած էին նոյն վճիռին, Գանատայի բանտային եւ Պայմանաւորուած արձակումի օրինական համակարգին ներքոյ, 19 Փետրուար 2010ին նոյնպէս ստացան արտօնութիւն վերադառնալու ընկերութեան եւ իրենց ընտանիքներուն):