
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Հինգշաբթի, Ապրիլ 1ին յայտարարեց, թէ Պաքու այցելող Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու անդամներուն հետ իր խորհրդակցութիւններուն մէկ կարեւոր մասը կեդրոնացած է Լեռնային Ղարաբաղը լուծելու աշխատանքին վրայ եւ աւելցուց, թէ Պաքու կը նախընտրէ Արցախի տագնապը լուծելու փուլային տարբերակը:
Ըստ նախարարին, տագնապը լուծելու լաւագոյն ընտրանքն է՝ հայկական ուժերը հեռացնել Ատրպէյճանի «բռնագրաւեալ հողերէն», որմէ ետք պէտք է բնականոն պայմաններ հաստատել շրջանին մէջ: Անկէ ետք միայն կարելի է քննել Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը, աւելցուցած է Մամետեարով: