ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Մարտ 7ին տեղի ունեցած Իրաքի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ամիս մը ետք, երկրին յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու աշխատանքները կը շարունակեն կաղալ եւ տիրող անորոշութիւնը սկսած է բռնարարքներու լուրջ մագլցումի մը շուրջ մտավախութիւններ յառաջացնելու: Ընտրութիւններուն երկու աթոռներու տարբերութեամբ յաղթանակ ապահոված նախկին վարչապետ Այատ Ալաուիի շիի ազգայնականներու դաշինքը եւ վարչապետ Նուրի Մալիքիի գլխաւորած դաշինքը բաւարար քուէներ չեն ապահոված մեծամասնութիւն մը գոյացնելու համար 325 աթոռ ունեցող խորհրդարանին մէջ: Ասոր կողքին, Մալիքի, որուն հսկողութեան տակ տեղի ունեցան ընտրութիւնները, կը պնդէ, թէ զեղծարարութիւններ արձանագրուած ենշ մինչ Ալաուիի ցանկով ընտրուած կարգ մը թեկնածուներու վրայ ճնշումներ կը բանեցուին՝ կասկածներ յառաջացնելով իշխանութեանց անկողմնակալութեան շուրջ:
Անորոշութիւնը նաեւ լարուածութիւն կը հրահրէ սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ, որովհետեւ յատկապէս նախկին նախագադ Սատտամ Հիւսէյնի մօտիկ սիւննիները, իրենց յոյսերը կապած են աւելի աշխարհիկ սկզբունքներու ջատագով Ալաուիի յաղթանակին վրայ:
Որոշ շրջանակներ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ահաբեկչական շարք մը արարքներուն պատասխանատու կը նկատեն սիւննի ծայրայեղականներու «Քայիտա» կազմակերպութիւնն է կամ անոր համակիրները: Ահաբեկչական արարքներէն երեքը տեղի ունեցան Կիրակի, Ապրիլ 4ին, Պաղտատի մէջ Իրանի, Գերմանիոյ եւ Եգիպտոսի դեսպանատուներուն առջեւ: Կէս ժամուան մը ընթացքին տեղի ունեցած սոյն երեք յարձակումները առնուազն 41 զոհ խլեցին, մինչ Շաբաթ օր, Պաղտատէն հարաւ գտնուող եւ ընդհանրապէս սիւննիներով բնակեցուած շրջանի մը մէջ 25 հոգի սպաննուած էին:
Նման պայմաններու տակ էր, որ 2006ին, Իրաքի սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ բախումները քաղաքացիական պատերազմի մը սեմին հասցուցած էին երկիրը: Սակայն, հակառակ այս վտանգին, տեղացի քաղաքագէտներ եւ օտար դիւանագէտներ կը կարծեն, թէ անորոշութիւնը պիտի շարունակուի գոնէ մինչեւ Յուլիս. կանխատեսութիւն մը, որ լաւատեսութիւն չի ներշնչեր: