«ՄԱՐՄԱՐԱ».- ԱՄՆի ու Շուէտի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն վաւերացումը, ապա Վարչապետ Էրտողանի կողմէ հարիւր հազար փախստական Հայաստանցիները երկրէն վտարելու ակնարկութիւնը օրերէ ի վեր կրկին բանավէճի նիւթ ստեղծած է մամուլին մէջ հայերու դիմաց կանգնողներու ու հայերու կողքին կանգնողներու միջեւ։ Հայկական բանաձեւի վաւերացման խնդիրը բնականաբար շատ աւելի փափուկ հարց է քան թէ Հայաստանցիներու հարցով ստեղծուած տագնապը, այս պատճառաւ ալ բանաձեւէն անհանգստացողներու ու հայերու կամ Հայաստանի դէմ խօսողներու թիւը աւելի բարձր է քան թէ 1915ի պատահարներու հետ երես առ երես գալու ու ճշմարտութիւնները ընդունելու կողմնակից եղողներուն թիւը։ Բայց Հայաստանցիները պաշտպանելու խնդրին մէջ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ քրոնիկագիրներ Վարչապետը մեղադրեցին, սպառնալիքը սխալ գտան։ Հետաքրքրական է որ ամէն նիւթի մէջ իրարու ըսածին հակառակը պնդող ինչ ինչ գրողներ այս խնդրին մէջ նոյնը ըսին, վարչապետը ամօթեցին Հայաստանցիները վտարելու ակնարկութիւն ըրած ըլլալուն համար։
Վարչապետը (նախ)անցեալ Շաբաթ օր շարժանկարի արուեստագէտներու հետ խօսելու ընթացքին ջանաց արդարացնել իր ըսածը, բացատրեց որ իր խօսքերը սխալ հասկցուած էին։ «Թարաֆ»ի քրոնիկագիր Այհան Աքթար թերթին (անցեալ) Երկուշաբթիի թիւին մէջ «Հարիւրապետ Թորոսեանին պատմութիւնը» խորագրեալ յօդուած մը ունէր այս մասին։ Վարչապետը ըսած էր որ եթէ մարդիկ ականջ տուած ըլլային Եըլմազ Կիւնէյի ժապաւէններուն, Թուրքիա այսօր շատ տարբեր երկիր մը կ՛ըլլար։ Այհան Աքթար այս խօսքերը լսելու ընթացքին մտածեր է թէ որքան լաւ կ՛ըլլար որ 1915ի մասին ժապաւէն մը դարձուէր։ Այն ատեն յիշեր է նաեւ Հարիւրապետ Սարգիս Թորոսեանի յուշերու գիրքը։
Յօդուածագիրը կը պատմէ Թորոսեանին պատմութիւնը։ Այս անձը հերոսական մասնակցութիւն ունեցեր է Չանաքքալէի պատերազմին, վիրաւորուեր է, ապա դարձեալ մասնակցեր է հերոսական կռիւներու։ Բայց այսօր եթէ Չանաքքալէի ծովային պատերազմի արխիւներուն նայիք, Սարգիս Թորոսեանին անունը չէք գտներ, որովհետեւ անոր անունը սրբուած է։ Անոնք որոնք Թորոսեանին անունը սրբած են, հաւանաբար կը մտածէին որ Թորոսեանին անունը կրնար վնասել «բանակը կռնակէն զարնող Հայեր» ասութեան։ Այսպէս է որ կը ձեւաւորուի պետական պաշտօնեաներու կողմէ գրի առնուած «ազգային պատմութիւն»ը։
Էնվէր Փաշա հերոսութեան մետալ կը շնորհէ Թորոսեանին, բայց Կեսարիայէն հասնող լուրերը լաւ չեն։ Էվէրէկի նահանգապետ Զէքի Իթթիհատական է, հայերը կ՛աքսորէ դէպի Սուրիա։ Հայերու կարաւանները, տակաւին հազիւ քաղաքէն դուրս ելած, կ՛ենթարկուին հրոսախումբերու յարձակումներուն, կը թալանուին կամ կը սպաննուին։ Ճամբաները կը լեցուին դիակներով։ Թորոսեանին ընտանիքը նախ չ՛աքսորուիր որովհետեւ անոնց որդին սպայ է։ Բայց վերջը Նահանգապետ Զէքի կ՛ըսէ որ Սարգիս Թորոսեանը մեռած է, այնուհետեւ կ՛աքսորէ Թորոսեանին ընտանիքն ալ։ Թորոսեանին հայրն ու մայրը Իսլահիյէի մօտ կը սպաննուին։ Քոյրը Պայծառ կը փրկուի ու Սուրիա կը հասնի։ 1917ին Թորոսեան կը ղրկուի Սուրիոյ ճակատ, բայց ան այլեւս իր ընտանիքին հետքերը կը փնտռէ, Սուրիոյ անապատներուն մէջ մորթ ու ոսկոր դարձած թշուառ հայերը կը տեսնէ, իր քոյրը կը գտնէ ու կ՛իմանայ թէ ինչեր եկած էին իր ծնողներուն գլխուն։ Պայծառն ալ կը մեռնի թոքախտէ։ Անկէ վերջ Թորոսեան խոյս կուտայ Օսմանեան բանակէն ու կը միանայ Արաբական ուժերուն, անոնց հետ միասին կը սկսի կռուիլ Օսմանեան բանակին դէմ։ Վրէժի զգացումը պատճառ կ՛ըլլայ որ ան շատ գէշ բաներ ալ ընէ։ Վերջապէս երբ Մուսթաֆա Քէմալի ուժերը յաղթանակելու վրայ էին, ան վերջին անգամ մըն ալ կ՛այցելէ ծննդավայր Էվէրէկ ու Ամերիկա կը գաղթէ։
Թորոսեան իր յուշերը ամփոփած է գիրքի մը մէջ եւ ասիկա 1915ի ողբերգութեան մէկ պատմութիւնն է։ Յօդուածագիրը կ՛եզրակացնէ, որ եթէ Վարչապետ Էրտողան անկեղծ է, կրնայ շարժման անցնիլ որպէսզի Մշակոյթի Նախարարութեան օգնութեամբ դարձուի Հարիւրապետ Թորոսեանին մասին ժապաւէն մը։ Ըստ յօդուածագրին, ասիկա շատ աւելի բարի գործ մը կ՛ըլլայ քան թէ Իսթանպուլի ղարիպ Հայաստանցիները Թուրքիայէ վտարելը։