Հայ Մեծ Մայրիկներու Թուրք Թոռները
«Քանալ-24» հեռատեսիլի կայանը երէկ գիշեր (Ուրբաթ, Ապրիլ 1) ժամը 20.00էն սկսեալ հաղորդեց Ալի Պայրամօղլուի հերթական յայտագիրը, որ այս անգամ նուիրուած էր վերջերս Ֆէթհիյէ Չէթինի ու Այշէկիւլ Ալթընայի կողմէ գրի առնուած «Թոռներ» անուն գիրքին։ Ինչպէս ատենին գրած էինք, այս գիրքն ալ, հետեւելով Ֆէթհիյէ Չէթինի «Մեծ մայրիկս» անուն գրքի բացած ուղիին, կը խօսէր 1915ի ողբերգութեան ընթացքին մահմետական դառնալով թրքացած հայ կիներու այսօրուան թոռներուն պատմութիւններուն մասին։ Ֆէթհիյէ Չէթին շատ ուշ իմացած էր որ իր մեծ մայրը իրականութեան մէջ հայ էր Հրանոյշ անունով։ Այշէկիւլ Ալթընայ եւս այս ուղիէն քալած էր երբ կարդացած էր «Մեծ մայրիկս»ը։ Յայտագրին մասնակցող երրորդ հիւրն ալ, Պէրքէ Պաշ, որ, եթէ սխալ չհասկցանք, դարձեալ հայուհիի մը թոռն էր, Ֆէթհիյէ Չէթինի գիրքը կարդալէ վերջ Օրտուի մէջ վաւերագրական ժապաւէն մը դարձուցած էր՝ մեծ մօրը՝ Նահիտէ Գափթանի մասին, Նահիտէ որուն բուն անունն էր Գեղանոյշ։
Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ յայտագիրը չորս բարեացակամ անձերու կողմէ 1915ի զոհերուն եւ իրենց հայկական ծագումով մեծմայրերուն վճարուած սիրոյ ու յարգանքի տուրք մըն էր, հակառակ որ յայտագիրը երբեմն կը մագլցէր շատ յուզիչ կէտերու, արցունք կը բերէր պատմողներուն աչքերէն, հակառակ որ տեղ տեղ ալ խօսակցութիւնները շատ կանոնաւոր չէին, մինչեւ իսկ անհասկնալկի կը մնային։ Յայտագրի ընթացքին հատուածներ ցոյց տրուեցան Պէրկէ Պաշի պատրաստած ժապաւէնէն, կամ Ֆէթհիյէ Չէթինի եւ մեծ մօրը լուսանկարներէն։
Յայտագրին գլխաւոր դէմքը փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթինն էր, որ ընդհանրապէս ընդգծեց այն իրողութիւնը, թէ իր մեծ մօրը հայ ըլլալը հասկնալէ վերջ հոգեկան հանգստութիւն մը զգաց, ինքն իրեն հետ հաշտուեցաւ, եւ թէ ուրեմն այս մէկը շատ կարեւոր փորձառութիւն է բոլոր անոնց համար որոնք իրենց ընտանիքին անցեալը կը հարցաքննեն։ Բոլոր միւս մասնակիցներն ալ համաձայն էին այս կէտին վրայ, եւ կը խօսէին հոգեկան նոյն հանգստութեան մասին, որ նաեւ մարդուս կեանքին մէջ նոր դռներ կը բանար, նոր աշխարհի մը հետ կը մտերմացնէր, քեզմէ չեղող ազգականներու հետ յանկարծ խաղաղութիւն կը կնքէիր, սիրել կը սկսէիր այն խմբակը զոր ցարդ քեզի ցոյց տուած էին որպէս «միւսը», որպէս «թշնամի»։ Ֆէթհիյէ Չէթին կ՛ընդգծէր նաեւ որ այս նոր փորձառութիւնը առաջին քայլ մըն էր դէպի բան մը նորոգելու, բան մը սրբագրելու ուղղութեամբ։
Ինչո՞ւ այս հարցերը աւելի առաջ երեւան չհանուեցան, ինչո՞ւ մեծմայրերը տասնամեակներ շարունակ չկրցան խօսիլ։ Այսպիսի հարցումներ կը վերլուծուէին մասնակիցներու կողմէ, կը պատմուէին ծայր աստիճան յուզիչ պատմութիւններ, օրինակ տեղահանութեան ընթացքին Մատէնի մէջ կամուրջէ մը անցնելու ընթացքին հայ մը իր երկու զաւակները գետ նետած էր եւ զանոնք դէպի մահ ղրկած էր որպէսզի չմատնուին աւելի չարչարալից ճակատագրի։ Եւ անկէ վերջ ամբողջ կեանքը անցուցած էր նոյն այդ կամուրջին դիմաց գտնուող իր բնակարանին մէջ։ Ի՞նչպէս այսքան երկար տարիներ կրցած էր նայիլ այդ կամուրջին, ի՞նչ զգացած էր այդ կամուրջին նայելու ընթացքին։
Յայտագրի ընթացքին Ֆէթհիյէ Չէթին պատմեց նաեւ թէ ինչպէս յաջողած էր գտնել իր մեծմօրը Ամերիկաբնակ ազգականները, շնորհիւ «Ակօս» թերթին մէջ հրատարակուած ծանուցումի մը։ Այս ծանուցումը մեծ դեր խաղացած էր, պատմեց թէ Հրանդ Տինք ինչ ուրախութեամբ իրեն աւետած էր որ գտած էր անոր Ամերիկաբնակ հայ ազգականները։
Վերջաւորութեան Ֆէթհիյէ Չէթին ըսաւ որ մարդիկ եթէ անգամ մը սորվին դիմացինը մտիկ ընել, դիմացինին ցաւը հասկնալ, անկէ վերջ թշնամութիւնը կը ջնջուի։ Այսօր քաղաքական հակադիր համոզումներ ունեցողներն անգամ այս կէտին վրայ զիրար կը հասկնան, կը մեղմացնեն իրենց խիստ կեցուածքը։ Իբր օրինակ յիշեց իր մէկ բարեկամը, որ բոլորովին հակադիր քաղաքական տեսակէտներ ունենալով հանդերձ, երբ իմացած էր այս պատմութիւնները, ըսած էր. «Իրաւունք ունիս, այս ցաւալի դէպքերը պատահած ըլլալու չէին»։