ՊՈԼԻՍ, «Ռատիօլուր».- Պոլսոյ հայոց աթոռակից պատրիարքի ընտրութեան հարցերով տարաձայնութեան մէջ յայտնուած թրքահայ համայնքը, այժմ կը պառակտուի Ս. Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութիւններուն հետեւանքով: Նշենք, որ անոնց առթիւ, Հրանդ Տինքի ընկերներն ու հարազատները նախաձեռնած են բաց նամակ-յայտարարութեան մը, որուն միջոցով իրենք զիրենք կը տարանջատեն Շիրինօղլուի մեկնաբանութիւններէն, իսկ երկրի վարչապետին կոչ կ՛ընեն ներողութիւն խնդրելու տեղի հայերէն: Ապրիլ 1ին, ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»ի, 378 մարդ համացանցի միջոցով միացած է բաց նամակին:
Համայնքին մէջ կան նաեւ անձինք, որոնք չեն համաձայնիր կողմերէն ոեւէ մէկուն հետ: Պողազիչի համալսարանի նախկին դասախօս Արսէն Աշիք «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» թերթին յայտնած է, թէ երկու կողմերն ալ, իրենց քննադատութիւններով չափը անցած են, զիրար չեն հասկնար եւ թէ՛ ճիշդ, թէ՛ սխալ մօտեցումներ ունին:
Մինչդեռ, «Մենք կ՛ապրինք ուրիշ Թուրքիոյ մէջ» խորագրեալ երկլեզու (արեւմտահայերէն ու թրքերէն) նամակը ստորագրած Ռաքել Տինքը՝ Հրանդ Տինքի այրին, եւ միւսները, իրենց յայտարարութիւնը կը համարեն համայնքը աւելի քաղաքակիրթ դարձնելու առաջին քայլը: Նամակ-յայտարարութիւնը տեղադրուած է «bizbaskabirturkiyedeyasiyoruz.blogspot.com» կայքէջին վրայ։
Շիրինօղլու, իր կարգին, ժխտած է մամուլի մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները, թէ՝ վարչապետ Էրտողանի հետ իր ունեցած հանդիպման պատճառը հայաստանցի գաղթականներու հնարաւոր արտաքսման մասին եղած յայտարարութիւնն է: Շիրինօղլու պնդած է, թէ կային քննարկուելիք հարցեր՝ կապուած հիւանդանոցի սեփականութեան ու եկամուտներուն, որոնց առթիւ իր դժգոհութիւնները փոխանցած է վարչապետին:
Թրքահայերու բաց նամակին մէջ առանձին կէտով նշուած է. «Եթէ նոյնիսկ հիւանդանոցի ղեկավարութիւնը վարչապետէն հանդիպում խնդրած էր՝ պետութեան վերադարձուցած տարիներ առաջ բռնագրաւուած հայկական ութ անշարժ գոյքերուն համար շնորհակալութիւն յայտնելու, համայնքային գոյքի հարցը ամբողջովին լուծուած չէ. 1410 դիմումէն միայն 96ը հաւանութեան արժանացած է»:
Շիրիրնօղլու, իր կարգին, հակադարձած է՝ ըսելով, որ համայնքին վիճակը անկայուն է աթոռակից պատրիարքի մօտալուտ ընտրութեան պատճառով։