ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Թուրքիա վերջերս աղմուկ կը բարձրացնէ ժողովրդավարութեան կամ իրաւունքներ յարգելու մասին ուրիշներուն ուղղած իր խրատներով, փորձելով այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ ամէն ինչ կատարեալ է իր երկրին մէջ: Շիւղի եւ քերանի դարաւոր պատմութիւնն է, որ կը կրկնուի սակայն, եւ որքա՛ն ալ փորձ կատարուի, իրականութիւնները դիւրութեամբ չեն ծածկուիր:
Տարբեր չափանիշներով գործելու Թուրքիոյ մարմաջին վերջին օրինակը կու գայ Թուրքիոյ կրօնական հարցերու տեսուչ Ալի Պարտաքօղլուէն: Խօսելով Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պաշտամունք կատարելու հարցին կապակցութեամբ ստեղծուած վիէճին մասին, ան յայտնեց, որ պէտք է բացուի այդ աղօթատեղին, որպէսզի տարբեր կրօնքներու պատկանող հայրենակիցներ ազատօրէն կատարեն իրենց պաշտամունքը, առանց յիշելու փոքր մանրամասնութիւն մը, թէ Թուրքիա այս «վեհանձնութեան» կը դիմէ տարին միայն քանի մը ժամ, մինչ երկրին իսլամ բնակչութիւնը ազատ է իր ուզած աղօթատեղիին մէջ պաշտամունք կատարելու, որեւէ ատեն:
Շարունակելով իր քօղարկումը՝ Պարտաքօղլու շեշտեց, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները իրենք զիրենք պէտք չէ զգան իբրեւ երկրորդ դասակարգի քաղաքացիներ։ «Թուրքիա պէտք չէ ըլլայ երկիր մը, որուն մէջ տարբեր կրօնքներու պատկանող անձեր կրօնական գետնի վրայ ազատութեան տեսանկիւնէն կաշկանդուած զգան իրենք զիրենք», աւելցուց ան՝ հաւատացողներ փնտռելով…։