Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այնթապի Հայրենակցական Միութիւնը Կիրակի, 11 Ապրիլի յետմիջօրէին կազմակերպած է դասախօսական հանդիսութիւն մը, ոգեկոչելու համար երեք յիշատակներ. առաջինը՝ Այնթապի Հերոսամարտին 90րդ տարեդարձն է, երկրորդը՝ Հայաստանի մէջ Նոր Այնթապի հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձը, իսկ երրորդը՝ միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու միաւորին 20րդ տարեդարձը։ Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահին մէջ նախատեսուած հանդիսութեան՝ իբրեւ դասախօս հրաւիրուած է ծանօթ պատմաբան եւ Ցեղասպանութեան հարցերու մասնագէտ Փրոֆ. Վահագն Տատրեան։ Ձեռնարկը պիտի սկսի ժամը 2ին եւ պիտի ընդգրկէ գեղարուեստական յայտագիր։
Հանդիսութեան գլխաւոր շարժառիթն է 90 տարի առաջ, 1920ի այս օրերուն տեղի ունեցած հերոսամարտը, որ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն մութ էջերը լուսաւորող դրուագներէն է, արժանի՝ յիշատակութեան ու տօնակատարութեան։
Կ՛արժէ պահ մը կանգ առնել Այնթապի, նաեւ՝ ընդհանրապէս հայկական հերոսամարտերու լուսաշող էջերուն առջեւ, վերյիշելու, որ 1915էն 20ական տարիներ երկարող ժամանակաշրջանը միայն ջարդի, բռնագաղթի ու անասելի բռնադատութիւններու շրջան չէ եղած, այլ այդ ժամանակաշրջանը մեր պատմութեան տուած է հերոսական էջեր, որոնց յիշատակումը, դժբախտաբար, ընդհանրապէս «կաշկանդուած» մնացած է հայրենակցական միութիւններու օրացոյցերուն մէջ. Վանի, Ուրֆայի, Մուսա Լեռան եւ նոյնինքն Սարդարապատի հերոսամարտերը համազգային առումով յիշատակումի ու տօնակատարութեան օրուան չեն վերածուած. վանեցիք արդարօրէն ոգեկոչած են իրենց յաղթական հերոսամարտը, նմանապէս՝ ուրֆացիները, մուսա-լեռցիները, այնթապցիները եւ ուրիշներ։ Ճիշդ է նաեւ, որ իւրաքանչիւր հերոսամարտ հպարտանքի առիթ եղած է տուեալ քաղաքէն անդին տարածուող հայերու համար, սակայն համազգային առումով ոգեկոչումի ու տօնախմբութեան դիտանկիւնէն, Սարդարապատը կարելի է համեմատաբար միակ «բախտաւորը» նկատել, որովհետեւ անիկա սերտօրէն կապուած է Հայաստանի անկախութեան ու անդրանիկ հանրապետութեան հիմնադրութեան հետ, սակայն ազգովին մեր նշած տօներու օրացոյցին վրայ յստակօրէն չէ արձանագրուած իբրեւ յաղթական գոյամարտի դրուագ, ինչպէս որ է պարագան, օրինակի համար, Վարդանանց հերոսամարտին։
Հերոսամարտերու յիշատակումը ո՛չ միայն առիթ կ՛ընծայէ հայութեան ապրող սերունդներուն՝ հպարտութեամբ լեցուելու եւ երախտապարտ զգալու զանոնք կերտող անուանի ու անանուն հերոսներուն, նահատակներուն հանդէպ, այլ նաեւ անդրադառնալու, որ անհաւասար կռիւի մարտահրաւէրները երկչոտութիւն կամ ընկրկում չեն թելադրած թուրքին եաթաղանը դիմագրաւող հայութեան համար. փաստօրէն, մեր ժողովուրդը գիտցած է պատուով պաշտպանել իր հողն ու ստացուածքը, յաջողած է ջարդէ եւ ի սպառ կորուստէ փրկել բազմահազարներ, թէեւ հոն եւս վճարած է սուղ։
Այս ու նման հերոսամարտեր ունին նաեւ այլ անժամանցելի պատգամ մը՝ Կիլկիոյ հայութեան Դատը վերահաստատել մեր իրաւատիրութեան քարտէսին վրայ։
Աւելին, մեր հերոսամարտերը, բոլոր հերոսամարտերը, անոնք կոչուին Սարդարապատի, Վանի, Այնթապի, Զէյթունի թէ այլ, եղած են մարմնաւորումը հայուն միակամութեան, միասնականութեան, հատուածականէ վեր՝ ընդհանրական շահերու պաշտպանութեան, ու այդ պատճառով ալ, այսօր ու ընդմիշտ կը պահեն իրենց թելադրականութիւնը, անժամանցելի պատգամը։ Անոնք ճակատագրուած չեն մնալու պատմութեան էջերուն, այլ կը պարունակեն ուժականութիւնը լուսաւորելու նա՛եւ մեր այսօրը, երբ հայրենիքով ու ազգովին, մենք մեզ դէմ յանդիման կը գտնենք նորանոր մարտահրաւէրներու, փրոթոքոլներով ու ֆութպոլային քաղաքականութեամբ մարմնաւորուող վտանգներու։
Այնթապի հերոսամարտը չի գտնուիր շարքին Ցեղասպանութեան առաջին օրերուն տեղի ունեցած ինքնապաշտպնական կռիւներուն, ինչպիսին են Վանի կամ Շապին Գարահիսարի հերոսամարտերը։ Այնթապի հերոսամարտը մէկ օղակն է ինքնապաշտպանական այն կռիւներուն, որոնք տեղի ունեցան Ցեղասպանութեան ծանրագոյն տարիներէն ետք, Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնին։
1 Ապրիլ 1920ին ծայր տուած եւ ինքնապաշտպանական կռիւները երկարած են աւելի քան 10 ամիսներու վրայ, ի գին մարդկային ու նիւթական մեծ կորուստներու, եւ յանգած են հայկական կողմին յաղթանակով։ Հիմնականին մէջ Կիլիկիոյ հայութեան պատմութեան էջերուն արձանագրուած այս ժամանակահատուածը ուսանելի շատ բան ունի նաեւ այսօր, սեփական ուժի արդիւնաւորման տեսակէտէն թէ միջազգային դիւանագիտական-ռազմավարական-մարտավարական խաղերու դիտանկիւնէն։
Հերոսամարտի պատմութիւնը չի սկսիր 1 Ապրիլ 1920ին, այլ նախերգանքը ծայր կու տայ Բ. Աշխարհամարտի աւարտով ու բռնագաղթուած եւ սպանդէ փրկուած հայութեան բեկորներուն Այնթապ վերադարձով )պարագան իւրայատուկ չէ Այնթապի, այլ նոյն ճակատագիրը վիճակուած է նաեւ Կիլիկիոյ այլ հայկական օճախներուն(։ Թուրքիան ու իր դաշնակիցները պարտութեան մատնած յաղթական ուժերուն շարքին, հայութիւնն ալ արդարօրէն յուսադրուած էր, որ ա՛լ արդարութիւն պիտի հաստատուէր եւ ահաւոր կորուստներէն ետք, հայը պիտի վերատիրանար իր հողին, ինչքին ու կալուածներուն։ Գոնէ Կիլիկիոյ պարագային, այս ակնկալութիւնը որոշ չափով արդարացաւ։ Նախ Անգլիոյ, ապա Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ առնուած Կիլիկիոյ հայկական շրջաններ ականատես եղան ջարդերէ փրկուած հայութեան բեկորներու տուն դարձին։ Սուրիական անապատները քշուած ու բազմաթիւ անթաղ զոհեր տուած այնթապցիներէն քանի մը հազար փրկուած վերապրողներ իրաւունքն ստացան տուն դառնալու 1918ին եւ շուտով ձեռնարկեցին վերականգնումի, գործնապէս արտայայտելով հայուն դարաւոր մէկ յատկանիշը։
Յաջորդ երկու տարիները, սակայն, Կիլիկոյ հայութեան համար կը վերածուին երէկի դաշնակիցներու եւ թշնամիներու միջեւ դիրքորոշումներու եւ հաշիւներու վերադասաւորման բերած տատանումներու շրջանի մը. Անգլիա-Ֆրանսա մրցակցութիւնը կը խաղցուի հայութեան հաշւոյն, քեմալական Թուրքիան սիրաշահելու արեւմուտքցիներու խաղերը նմանապէս յառաջ կը տարուին ի հեճուկս հայութեան. պատերազմէն պարտուած ու չախչախուած դուրս եկած Թուրքիան, տարազ ու դիմակ փոխելով, եւ իր երէկի թշնամիներուն լուռ կամ աղաղակող մեղսակցութեամբ, կը շարունակէ հետապնդել կայսերական օրերու իր քաղաքականութիւնը, որուն մէկ նորագոյն գիծն էր հայութիւնը վերջնականապէս հեռացնել իր բնիկ հողերէն, Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ վրայ հաստատել իր դրօշը, օր մըն ալ աշխարհին ըսելու, թէ այդ շրջանները երբեւիցէ հայութեան չեն պատկանած։ Այսօր, աշխարհը նոյն Թուրքիոյ դիմաց կը գտնէ ինքզինք…
1 Ապրիլ 1920էն ամիսներ առաջ, Այնթապի )նմանապէս մերձակայ աւաններու( հայութեան յստակ կը դառնար, թէ վաղը՝ մօտ ատենէն, անգամ մը եւս առանձինն պիտի դիմագրաւէր եաթաղան ճօճող թուրքը, կանոնաւոր բանակներն ու խուժանը։ Այս գիտակցութեամբ ալ, քաղաքին բնակիչները, առանց յարանուանական, կուսակցական կամ այլ խտրութեան, ի մի կը խմբուէին կազմակերպելու ինքնապաշտպանութիւնը. կը մէկտեղուէին համեստ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք, կը ստեղծուէին հրամանատարական կազմ ու մարտական խումբեր, հայաբնակ թաղամասերուն մէջ կը կազմակերպուէին նաեւ պարէնաւորման խումբեր, կը հաստատուէր զինանոց, ուր կ՛արտադրուէին փամփուշտ, ձեռնառումբ, կը նորոգուէին ու կ՛արտադրուէին զէնքեր, մինչեւ իսկ կը ձուլուէր նախնական թնդանօթ մը, որ քիչ ետք, բախումներու առաջին օրերուն, ահ ու սարսափի պիտի մատնէր թուրք խուժանն ու անոր նեցուկ կանգնող ոստիկանութիւնն ու զինեալ ուժերը։
Թրքական գրգռութիւնները սկզբնական օրերուն կը դիմագրաւուէին ուղղակի ճակատումէ խուսափելու տրամադրութեամբ, սակայն այս փորձերը արդիւնք պիտի չտային։
Ճակատումները սկիզբ առած են հայութեան կողմէ հիմնականին մէջ ինքնապաշտպանական միջոցառումներով. արագօրէն կանգնած են պատնէշներ եւ ամրացուած՝ պաշտպանական դիրքեր։ Այս բոլորը կատարուած է ամբողջ ժողովուրդին մասնակցութեամբ. հայ պատանին, կինն ու տարէցներ, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, մասնակցութիւն բերած է պատնէշներու կանգնումին, պարենաւորման ու պաշտպանական այլ աշխատանքներու։ Ճակատումներու սկսումէն կարճ ատեն մը ետք, նկատելով, որ թրքական մզկիթի մը եւ այլ դիրքերու մէջ ամրացած ուժեր կը պատուհասէին հայկական թաղերն ու յառաջացեալ դիրքերը, հայկական կողմը անցած է յարձակողականի եւ վնասազերծած է այդ դիրքերը։
Ապրիլ 1920էն մինչեւ Փետրուար 1921 շրջանը, բնականաբար, անընդհատ ճակատումներու շրջան չէ, սակայն հարուստ է հերոսական դրուագներով ու ուժի դէմ թուրքին երկչոտութեան փաստերով։ Հերոսամարտը իր աւարտին հասած է թրքական ուժերուն կողմէ սպիտակ դրօշի պարզումով եւ ֆրանսական հեղինակութեան վերահաստատումով։
Խաղաղութեան վերահաստատումը աւելի աղէտալի հետեւանքներ բերած է հերոսամարտի կերտիչներուն, որովհետեւ «շնորհիւ» արեւմտեան ուժերու նորագոյն խաղերուն, հայութիւնը ի վերջոյ հարկադրուած է քայլ առ քայլ պարպել քաղաքը, տեղափոխուելով Հալէպ կամ սուրիական այլ ապահով շրջաններ։ Հերոսամարտին ամէնէն շօշափելի ու մնայուն արդիւնքը եղած է քանի մը հազար հայերու կեանքին փրկութիւնը։ Քաղաքին հայութենէ պարպումը տեւած է մինչեւ 1923։
…Այսօր, Այնթապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շքեղ կառոյցը պերճախօս վկայութիւն մըն է քաղաքի հայութեան հպարտալի անցեալին ու իրագործումներուն։ Եկեղեցին վերածուած է մզկիթի, այլապէս պերճախօս ապացոյց մը՝ թուրքի վարմունքին։