ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Զարմանալի չէ, որ թուրք պետական ղեկավարութիւնը յանկարծ սկսած է խանդավառութիւն դրսեւորել սփիւռքահայերուն հետ «երկխօսութեան» ձեռնարկելու ճակատին վրայ։
Զարմանալի չէ, որովհետեւ Թուրքիոյ այսօրուան վարիչներուն համար կարեւորը արտաքին աշխարհին տպաւորելն է, թէ տեսէք՝ մենք քաղաքակիրթ պետութիւն ենք, 21րդ դարու ոգիով շարժող տարածաշրջանային ուժ ենք եւ պատրաստ ենք բոլորին հետ ալ… երկխօսութեան։
Զարմանալի չէ նոյնիսկ այն շեշտադրումը, որ Անգարայի կողմէ կը դրուի «հայեւթուրք երկխօսութիւն»ը Հայաստանի պետական այրերուն հետ չսահմանափակելու եւ նոյնինքն «խնդրայարոյց… Սփիւռքի հայերուն» բացուելու անհրաժեշտութեան, աւելի ճիշդ՝ նպատակայարմարութեան վրայ։
Ի վերջոյ հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանութեան ժառանգորդները, ժխտումի եւ ուրացման իրենց քաղաքականութիւնը այսպէս յամառօրէն յառաջ մղելու համար, մեքենան շարժող վառելանիւթի պէս կարիքը ունին նոր դիմայարդարումներու։ Երբ Հայաստանի հետ «երկխօսութեան» կեղծիքը սկսած է կորսնցնել միջազգային հանրութիւնը տպաւորելու իր սկզբնական «ուժականութիւնը», Անգարա պարզապէս կը դիմէ աւելի ազդու խաբէութեան, այս անգամ ուղղակիօրէն 1915ին տեղահանութեան ենթարկուած եւ ցեղասպանութեան զոհ գացած արեւմտահայութեան վերապրողներուն հետ «երկխօսութեան» ձեռնարկելու կեղծիքին։
Ո՛չ, զարմանալու առիթ չեն տար Թուրքիոյ վարիչներուն քաղաքական–դիւանագիտական այսօրինակ աճպարարութիւնները եւ, միջազգային հանրութիւնը թիւրիմացութեանց մատնելով, Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճնշումը Թուրքիոյ վրայէն թեթեւցնելոււ փորձերը։
Ընդհակառակն՝ թուրք վարիչներու նորագոյն այս խարդաւանքը աւելիով կը շեշտէ հրամայականը պահանջատէր հայութեան միասնական հակազդեցութեան, որպէսզի յաչս միջազգային հանրութեան մերկացուին թրքական կողմի բուն դիտաւորութիւնները։
Եւ որպէսզի, մանաւա՛նդ, մեծ պետութիւններու ղեկին կանգնած ուժերը, Օպամայի վարչախումբին օրինակով, Հայկական Ցեղասպանութիւնը իր բուն անունով ճանչնալու իրենց պատասխանատուութենէն խուսափելու փորձ չընեն դարձեալ՝ այս անգամ ալ «Սփիւռքի հայերուն» եւ Թուրքիոյ միջեւ «երկխօսութեան» իբր թէ չվնասելու պատրուակով։
Տարի մը առաջ ամերիկեան վարչախումբը օգտագործեց «Հայեւթուրք երկխօսութեան» չվնասելու այդ խաղաթուղթը եւ խուսափեցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իր անունով կոչելու Օպամայի նախընտրական խոստումին գործադրութենէն։
Եթէ միեւնոյն բեմագրութեան մէկ տարբերակը կը նախապատրաստուի վարչապետ Էրտողանի վերջին օրերու «խանդավառ» շրջադարձովը դէպի «Սփիւռքի հայեր»ը, Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակի ոգեկոչման հայկական ելոյթներուն կիզակէտը պէտք է դառնայ համահայկական ճնշումին ուժեղացումը յատկապէս Սպիտակ Տան վրայ։
Այդ զօրաշարժին մէջ Ամերիկայի հայութիւնը առաջին եւ վճռորոշ քայլ մը նետեց արդէն, երբ միասնական մէկ ճակատով իրաւատէր ներկայացաւ միջազգային հանրութեան՝ պահանջելով ոչ միայն ճանաչումն ու դատապարտումը հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան, այլեւ հողային ու նիւթական հատուցումը հայութեան կրած վնասներուն։
Զօրաշարժը կը սպասէ եւ արժանի է յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական հովանաւորութեան, որ թերեւս կրնայ դիւանագիտական իր առանձնայատուկ տարազումն ու դրսեւորումը ունենալ, բայց չի կրնար ամէն պարագայի շրջանցել Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին եւ դատապարտումին իրաւատէր կանգնելու իր կոչումն ու պատասխանատուութիւնը։
Համահայկական ընդգրկումով՝ հայ ազգային կուսակցութիւնները տարեսկիզբէն արդէն ընտրած են իրենց ուղին, Մեծ Եղեռնի 95ամեակին առիթով Հայ Դատի պայքարը միասնականօրէն յառաջ մղելու իրենց յանձնառութիւնը վերահաստատելով։
Հայկական ճակատէն բոլոր ուղղութիւններով յառաջ մղուող այսպիսի՛ զօրաշարժն է, որ ի վիճակի կրնայ ըլլալ ըստ արժանւոյն դիմագրաւելու թրքական խարդաւանքին ետին կանգնած գերակայ ուժն ու հնարաւորութիւնները։
Այլապէս, հայկական ճակատին վրայ երեւան եկող դոյզն վարանումներն ու տարակարծութիւններն անգամ առաւելագոյն չափով հրահրելու եւ շահարկելու պատրաստ են Թուրքիոյ վարիչները։
«Սփիւռքի հայերուն հետ երկխօսութիւն սկսելու» Էրտողանի շրջադարձին բուն նպատակն ալ այդ է արդէն՝ նախ նաեւ Սփիւռքի հայութեան ներքին միասնականութեան հարուած հասցնել, ապա ընդհանրապէս Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ ճեղք բանալու մտօք «Հայեւթուրք Արձանագրութեանց» առաջացուցած տարակարծութիւնները խորացնել։
Բախտորոշ օրերու սեմին կը գտնուինք։ Թրքական դաւադիր ուղեղը անդադար կը բանի։ «Սփիւռքի հայերուն հետ երկխօսութիւն սկսելու» թրքական «խանդավառութենէն» սադրանքի հոտ կու գայ։
Այդ պատճառով ալ միայն զարմանքով կարելի է հետեւիլ Հ1ի եւ «Ազգ»ի օրինակով լրատուական բեմերէ այս օրերուն պատահականօրէն հրամցուող այնպիսի հաղորդումներու եւ հրապարակումներու, որոնք Ա՛յս Պահու առանցքային հարցը թրքական խումբի դարպասէն կը փոխադրեն հայկական կողմին դարպասը։
Խօսքը կը վերաբերի պատահական հայ գործիչներու այն հարցադրումին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հայութեան պահանջը Թուրքիայէն, եթէ Անգարայի վարիչները ճանչնան իրենց հայրերուն գործած ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրեն մեր ժողովուրդէն։
– Հողային պահա՞նջ։ Ո՞ր հողերը պիտի պահանջենք եւ որո՞ւ անունով։ Ո՞վ է այն իրաւական մարմինը, որ ամբողջ հայութեան անունով խօսելու լիազօրութիւնը ունի։ Փաստօրէն ուշացած ենք եւ չունինք համահայկական այդպիսի՛ ներկայացուցչական եւ լիազօր մարմին մը… Ոչ ալ միասնաբար ճդած ենք, թէ ի՞նչ կը պահանջենք Թուրքիայէն…
Նման հարցադրումները կրնային սրտցաւ մտահոգութեան դրսեւորումներ ըլլալ եւ իբրեւ այդպիսին ընկալուիլ, եթէ այս օրերուն շրջաբերութեան մէջ չդրուէին «Սփիւռքի հայերուն հետ երկխօսութիւն սկսելու» թրքական լարախաղացութեան խորապատկերին վրայ։
Թող Թուրքիա նուազագոյն պատրաստակամութիւնը ցուցաբերէ հայեւթուրք իրաւ երկխօսութեան, իմա՛՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու իր պատրաստակամութեան, որպէսզի արար աշխարհին հետ նաեւ նմանօրինակ հարցադրումներու հայ հեղինակները տեսնեն ու հաստատեն, թէ հայ ժողովուրդը որքա՜ն խորարմատ պատրաստակամութիւն ունի պատմութեան նոր էջ բանալու թուրք ժողովուրդին հետ իր յարաբերութեանց մէջ։
Աւելի՛ն. ուղիղ 35 տարի առաջ արդէն, Մեծ Եղեռնի վաթսունամեակին առիթով, իրենց քաղաքական եւ գաղափարական բոլոր տարակարծութիւններով հանդերձ՝ հայ ազգային երեք կուսակցութիւնները միասնական ճակատով ներկայացան թրքական պետութեան եւ արար աշխարհին, պահանջելով որ ճանչցուի եւ դատապարտուի քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, արդարութիւն գործուի վերապրող հայութեան հանդէպ եւ հայապատկան հողերը վերադարձուին իրենց բուն իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին։
Այո՛, առասպել է հայ ժողովուրդին վերագրուած ազգային անմիաբանութիւնը, երբ խօսքը կը վերաբերի մեր պապենական հողերուն եւ Հայ Դատին պահանջատիրութեան։
Մենք զերօ կէտէն չենք սկսիր Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը, որովհետեւ բաւարար ճամբայ կտրած ենք եւ ականներ վնասազերծած ենք Հայ Դատի պայքարին արիւնոտ ճանապարհին։
Յատկապէս Թուրքիոյ վարիչները շատ լաւ կը գիտակցին, որ մէկ ու միակամ է հայութիւնը Հայ Դատի իրաւատիրութեան մէջ եւ միայն սադրանքով – ու արտաքին ուժերու ճնշումով – կարելի է ճեղք բանալ ու հակասութիւններ խորացնել հայ ժողովուրդին մէջ։
Թուրքիոյ վարիչները եւ անոնց հովանաւորութիւն շնորհող մեծապետական ուժերը շատ լաւ կը գիտակցին, որ ինչպէս 1975էն ետք Սփիւռքի տարածքին, նոյնպէս եւ 1988էն ետք հայրենի հողի վրայ, հայ ժողովուրդը իր մէջ գտաւ բաւարար եւ անհրաժեշտ ուժը, որպէսզի միասնական մէկ ճակատով իրաւատէր ու պահանջատէր ներկայանայ Հայ Դատին։
Յատկապէս Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք մեր ժողովուրդը նաեւ ամէն հիմք ունի, որպէսզի դիմագրաւէ Հայ Դատի պայքարը զերօ կէտի վերադարձնելու դաւադիր նոր փորձերը։