Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Հարաւային Քալիֆորնիոյ գործունէութեան ծիրէն ներս, ՀԲԸՄ Ասպետներու համախմբումը կը կատարէ շնորհաշատ աշխատանք՝ տարբեր տարիքի եւ խառնուածքի մեր հայրենակիցները քայլ մը աւելի մօտեցնելով ազգային մեր արժէքներուն, պատմութեան ու մշակոյթին։ Վարչութեան ատենապետ Գուրգէն Պերքսանլարի առաջնորդութեամբ, արդէն երրորդ տարին ըլլալով ՀԲԸՄի ասպետները աւանդութեան վերածած են շարադրական մրցանք մը, որուն կը մասնակցին ՀԲԸՄի Քանոկա Փարքի «Մանուկեան-Տեմիրճեան» եւ Փասատինայի արդէն հինգ տարեկան եւ վերջերս «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մկրտուած դպրոցներու շրջանաւարտ դասարանի աշակերտները:
Անցեալ տարուան շարադրութեան մրցանքին նիւթը ՀԲԸՄն էր՝ իւրաքանչիւր դպրոցին 500 տոլար մրցանքով, իսկ այս տարուան նիւթն է՝ «Իմ Հայաստանս». առաւել եւս քաջալերելու համար դպրոցաւարտ մեր տղաքն ու աղջիկները, այս տարի կրկնապատկած են այդ գումարը՝ զայն հասցնելով 2000 տոլարի: Աշակերտները պիտի գրեն Յունիս 2009ին Հայաստան կատարած դասարանային այցելութենէն քաղուած իրենց տպաւորութիւններուն մասին: Վարչութեան ատենապետ Գուրգէն Պերքսանլար կ՛ըսէ. «Մեր փափաքն է ուղղակի աշակերտներէն լսել, թէ իրենք որքանո՞վ յաջողեցան կապուիլ իրենց հայրենիքին հետ, եւ որքանո՞վ Հայաստան կատարուած այս այցելութիւն-փորձառութիւնը իրենց կեանքին, առօրեային, մտածողութեան եւ ինքնութեան վրայ անդրադարձ պիտի ունենայ։ Մեր նպատակն է տեսնել եւ վստահ ըլլալ, որ աշակերտական խումբով Հայաստան այցելութիւնը միայն տեսարժան վայրերու պտոյտ մը չէ, այլեւ՝ հոգեւոր ճանապարհորդութիւն մը դէպի մայր երկիր»։
Շարադրութեանց յանձնումի ժամկէտն է Մայիս 15. արդիւնքները Յունիս 4ին պիտի փոխանցուին զոյգ դպրոցներու տնօրէնութիւններուն, իսկ վերջիններս զանոնք պիտի հրապարակեն շրջանաւարտից հանդիսութեան գրքոյկներուն մէջ, իսկ կրթաթոշակ- մրցանակները այդ օրը նոյնպէս պիտի յանձնուին աշակերտներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.