Շաբաթ, Մարտ 27ի երեկոյեան ժամը 8:30ին, Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահին մէջ հաւաքուած էին «Հայրենիք» միութեան անդամները, նուիրատուներն ու համակիրները՝ տօնախմբելու համար միութեան 18րդ տարեդարձը եւ մասնակցելու համար պարահանդէսին: Ներկայ էին նաեւ Վաչէ արք. Յովսէփեանը, Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպս. Չուլճեանը, Լա Վըրնի Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանը, ինչպէս նաեւ միութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ:
Օրուան հանդիսավարն էր Յակոբ սրկ. Ծերունեան, որ ներկայացուց Սեպուհ եպս. Չուլճեանը: Վերջինս բեմ բարձրանալով՝ փոխանցեց իր պատգամը: Ան հանդիսականներուն պատմեց Արցախի եւ Հայաստանի ծանր օրերուն մասին, եւ շեշտեց «Հայրենիք» միութեան տրամադրած օժանդակութեանց կարեւորութիւնը: Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին, որոնց օժանդակութեամբ կարելի եղած էր յաղթահարել ստեղծուած դժուարութիւնները:
Ապա, միութեան գործադիր մարմնի անդամ Բարունակ Չելիքեան դրուատեց սրբազան հօր գործերը եւ անոր կուրծքը զարդարեց միութեան ոսկեայ շքանշանով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
The Ministry of Diaspora welcome you to cooperate in building tirs between Armenia and Diaspora. We would be happy if you coul submit in your pages the informatoin about Ministry of Diaspora, about conferances and forums.If you don’t mind,please send me back an answer to give you more deteailed information. Thank you in advance. Gayane Dabaghyan