ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Խորագիրը կ՛առնչուի հեռաւոր Կեդրոնական Ասիոյ մէջ նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններէն մէկը հանդիսացող Ղրղզստանի կացութեան:
Հոն, Չորեքշաբթի օր սկսած հակակառավարական ցոյցերը եւ ոստիկանութեան ցուցաբերած բիրտ հակադարձութիւնը, որ տասնեակներով զոհեր խլած էր, առաջնորդած էր կառավարութեան տապալման:
Նախագահ Ղուրպանպեք Պաքիեւ մայրաքաղաք Պիշքեքը լքելով՝ ապաստանած է երկրին հարաւային շրջաններ, ուր աւելի մեծ թիւով հետեւորդներ ունի: Իր ապաստանարանէն Հինգշաբթի օր կատարած յայտարարութեան մէջ, ան պնդեց, թէ կը մնայ երկրին միակ օրինաւոր նախագահը՝ մերժելով ընդդիմութեան կողմէ հնչող հրաժարելու կոչերը:
Մինչ այդ, ընդդիմութիւնը արդէն իսկ կազմած է ժամանակաւոր կառավարութիւն մը, որ Հինգշաբթի օր խոստացաւ վեց ամիսէն ընտրութիւններ կազմակերպել, երկրին յաջորդ խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը կազմելու նպատակով:
Ըստ ընդդիմութեան, երկրին 7 նահանգներէն առնուազն չորսը կը գտնուի ընդդիմութեան ամբողջական հակակշռին տակ, նաեւ երկրին զինուորական ուժերը խոստացած են նեցուկ կանգնիլ ընդդիմութեան:
Ապստամբութեան գլխաւոր դրդապատճառը կը նկատուի այլախոհի մը ձերբակալութիւնը, սակայն ժողովրդային զայրոյթին մէկ մասին թիրախն էր կառավարութեան տնտեսական ծրագիրը, որուն հետեւանքով, ուժանիւթի գիները չափազանցօրէն բարձրացած էին կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ:
Ցարդ յայտնի չէ, թէ հինգ միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրին մէջ կատարուող իրադարձութեանց որքանո՞վ միջամուխ են արտաքին ուժեր, սակայն կ՛արժէ նշել, թէ քանի մը ամիսէն պիտի աւարտին երկրին մէջ գործող ամերիկեան զինուորական խարիսխի արտօնագրին լիազօրութիւնները: Խարիսխը, բնականաբար, կ՛անհանգստացնէ Ռուսիան, որ կը շարունակէ իր ազդեցութեան գօտիէն ներս համարել Ղրղզստանը: