ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Կրնան շատեր զարմանալ, երբ իմանան, թէ ես երբեք չէի այցելած Արցախ (Ղարաբաղ) նախքան անցեալ շաբաթ։
Անշուշտ ես միշտ ուզած էի Արցախ այցելել, բայց ոչ իբրեւ պարզ զբօսաշրջիկ մը։ Կ՛ուզէի Արցախ այցելել յատուկ առիթով մը, որ վերջապէս ընծայուեցաւ ինծի 31 Մարտին։ Իբրեւ «Լինսի» հիմնարկի փոխնախագահ, մասնակցեցայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ նորակառոյց դպրոցի մը բացման արարողութեան։ Մեծ մասամբ «Լինսի» հիմնարկին եւ մասամբ ալ Արցախի կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուած ծրագիրը յաջող կերպով կիրարկուեցաւ՝ «Փրկեցէ՛ք մանուկները» կազմակերպութեան կողմէ։
Դպրոցի բացման արարողութեան ներկայ եղան կառավարական պաշտօնատարներ՝ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Նոր դպրոցը կրնայ ընկալել երեքհարիւր յիսուն աշակերտներ։ Տօնակատարութեան մեծ օր մըն էր Ստեփանակերտի բնակչութեան համար, մինչ ծնողներն ու աշակերտները իրենց ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը արտայայտեցին այդ արդիական կառոյցին համար։
Բարձրորակ շինարարութենէն բացի, զիս տպաւորողը Արցախի ինքնաբաւ ըլլալն էր: Բոլոր սարքերը եւ կահաւորումը, ներառեալ՝ գրասեղաններն ու պահարանները, արտադրուած են Արցախի մէջ՝ հայթայթելով գործ եւ եկամուտ շրջանի բնակչութեան։ Ոչ մէկ բան ներառուած էր Թուրքիայէն:
Արցախի մէջ իմ կարճ կեցութեան ընթացքին առիթը ունեցայ այցելելու հին եկեղեցիներն ու վեհաշուք լեռները, զորս այցելուները յաճախ կը բաղդատեն Զուիցերիոյ գեղեցկութեան հետ։ Ես հանդիպումներ ունեցայ նորաստեղծ հանրապետութեան ղեկավարներուն հետ, որոնք իրենց լաւագոյնը կ՛ընեն իրենց 150 հազար բնակիչներուն բարգաւաճում հայթայթելու, ինչպէս նաեւ պաշտպանութիւն՝ ատրպեճանական հերթական յարձակումներէն:
Արցախի ժողովուրդը կը մխիթարուի իմանալով, որ առանձին չէ։ Միլիոնաւոր հայեր, ամբողջ աշխարհէն, նեցուկ կանգնած են իրենց գոյատեւման պայքարին՝ ընդդէմ բոլոր դժուարութիւններուն, այս մեկուսացած հինաւուրց երկրին մէջ։
Ես դժուարութիւն չունեցայ կապուելու տեղացի ժողովուրդին հետ, տրուած ըլլալով, որ իմ մեծ հայրերս ու մեծ մայրերս եկած էին Զէյթունէն (Կիլիկիա). լեռնային շրջան մը, որ բաւական նման է Արցախի, պատերազմիկ բնակչութեամբ մը, որ հինգ դար շարունակ յաջողութեամբ դիմակայեց հզօր Օսմանեան կայսրութեան բանակի յարձակումները։ Զէյթուն ծանօթ էր «Արծիւներու բոյն» անունով, որ յարմար անուն մըն է նաեւ Արցախի համար։
Արցախի ղեկավարներուն եւ բնակչութեան հետ ունեցած խօսակցութիւններուս ընդմէջէն բացայայտ կը դառնար, որ անոնք երբեք պիտի չընդունին ապրիլ Ատրպէյճանի լուծին տակ: Երիտասարդ սերունդը ծնած եւ հասակ նետած է Ազատ Արցախի մէջ։ Իրենց համար անկարելի է ատրպեճանական լուծին տակ ըլլալ։ Աւելի երէց սերունդը, որ արիւն թափեց՝ շահելու համար Արցախի թանկարժէք ազատութիւնը, անգամ մը եւս երբեք պիտի չընդունի որեւէ ձեւի օտար իշխանութիւն:
Մինչ հերոսական արցախցիները գերագոյն գինը վճարած են իրենց անկախութեան համար՝ իրենց կեանքերը զոհելով, անոնք մեզմէ կը խնդրեն, որ շարունակենք նեցուկ կանգնիլ իրենց արդար դատին՝ լոկ ֆինանսներ, ժամանակ եւ ուժ տրամադրելով:
Մեծ պատիւ էր ինծի համար, երբ Երեւանի պետական համալսարանի արեւելեան ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքի վարիչ եւ Արցախի նուիրեալ կամաւոր մը՝ փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեան, ինծի առաջարկեց ընկոյզի ծառ մը ցանել Բերձոր գիւղին մօտակայքը, Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի անցքին։
Փրոֆ. Մելիքեան ծառատունկի արարողութեան բոլոր նախապատրաստութիւնները ըրած էր։ Ան բերել տուած էր ընկուզենիի ծիլ մը, բահ, ցնծուղ, ինչպէս նաեւ առիթին յարմար ոտանաւոր մը։ Նկատեցի, որ շրջակայքը կային ուրիշ շատ այլ մատղաշ ծառեր, որոնք կը վկայէին փրոֆ. Մելիքեանի որոշումին մասին՝ չարտօնել ոեւէ հիւրի անցնիլ Լաչինի միջանցքը առանց ծառ մը տնկելու հոն։
Արարողութեան ամէնէն զգայացունց պահը հասաւ, երբ փրոֆ. Մելիքեան կարմիր գինիի բաժակ մը բռնած իր ձեռքին՝ արտասանեց ծառատունկի մասին յուզիչ ոտանաւոր մը, որ գրուած է Լեւոն Զաւէն Սիւրմելեանի կողմէ, 1924ին։
Ստորեւ՝ այդ գեղեցիկ ոտանաւորը.
Տէր, օրհնէ՛ ծառն այս մատղաշ։ Ես կը տնկեմ զայն ահա
Փխրուն եւ սեւ հողին մէջ, ուր պապերս կը պառկին.
Ես՝ անոնց թոռը հսկայ, այս հողին տէրն եմ կրկին,
Ու արեւուն տակ կ՛աճիմ՝ անունն իրենց շուրթիս վրայ։
Պիտի բանայ ծառն այս մեծ իր բազուկներն ու հոգին,
Գրկած իր մէջ պապերուս արեւոտ շունչը անմահ.
Տէ՛ր, միսմինակ, նազելի, այս ծառն աղօթք մը ըլլա՜յ
Ու փաթթուիլ իր մարմնոյն գան սիրողները գիւղին։
Երկաթագիր պատմութիւնն այս մտերիմ հողերուն
Աչքիս արցունք կը բերէ… Փառք ու մեռել շատ ունի
Երկիրն իմ հին, ալեւոր, որուն ես թոռն եմ վայրի,
Խոկումներով բեղմնաւոր, երազներով օրօրուն։
Մեռելներուս իբրեւ խաչ՝ ես այս ծառը տնկեցի։
Մինչ կ՛ունկնդրէի այս ներշնչիչ բանաստեղծութեան, երդուեցայ յաճախ վերադառնալ այս սիրելի երկիրը՝ ջրելու համար ծառս եւ պաշտպանելու համար այն հողը, որուն մէջ տնկուած է ան։ Թող այս ընկոյզի ծառը աճի եւ զօրանայ՝ խոր արմատներ ձգելով եւ իր պտուղները տալով գալիք սերունդներուն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
Խմբագիր