ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Հինգշաբթի, Ապրիլ 8ին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յատուկ պատուիրակ՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու, այսօր՝ Ուրբաթ, Ապրիլ 9ին Ատրպէյճան պիտի մեկնի՝ հանդիպումներ ունենալու համար Պաքուի ղեկավարութեան հետ:
Տաւութօղլու նշեց, որ Չորեքշաբթի օր Երեւան այցելած Սինիրլիօղլուի եւ ատրպէյճանցի ղեկավարներու միջեւ խորհրդակցութիւնները պիտի կեդրոնանան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացին վրայ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիա կը հաւատայ, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին՝ արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին համապատասխան, եւ այդ ճամբուն վրայ ի յայտ եկող բոլոր բարդութիւններն ու հիմնախնդիրները պէտք է յաղթահարել։ Տաւութօղլու դրական նկատեց Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի Երեւանի մէջ հանդիպումներուն արդիւնքը:
Միւս կողմէ, Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, թէ Սինիրլիօղլու Պաքու պիտի տանի Էրտողանէն յատուկ ուղերձ մը Ատրպէյճանի ղեկավարութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.