ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախեան պատերազմի վեթերան, զօրավար Արկադի Տէր Թադէւոսեան՝ ծանօթ Քոմանտոս ծածկանունով, Ապրիլ 7ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողներուն յայտարարած է, թէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հնարաւորութիւնը չափազանց մեծ է։
Ըստ Քոմանտոսին, եթէ պատերազմը այս տարի չսկսի, անիկա կրնայ սկսիլ յաջորդ տարի, հաշուի առնելով իրադարձութիւններուն զարգացումը եւ երկու կողմերուն աճող սպառազինումն ու բանակցային գործընթացին մէջ յառաջացած փակուղային իրավիճակը:
Զօրավարը ընդգծած է, որ Քոսովոյի եւ Հարաւային Օսէթիոյ փորձը ցոյց կու տայ, որ տարածքային վէճերը դժուար թէ խաղաղ ճանապարհով լուծուին: Ան նաեւ նշած է, որ թէեւ ատրպեճանական կողմը լաւ կը զինուի, այնուամենայնիւ, յաղթանակ տանողը Լեռնային Ղարաբաղը պիտի ըլլայ: Քոմանտոսի խօսքերով, ներկայ ռազմական գործողութիւնները չեն կրկներ 90ականներուն եղանակները եւ ռազմավարութիւնը, որովհետեւ հարուածները պիտի հասցուին ռազմավարական տարածքներուն եւ կենսական կարեւորութեան հաղորդակցուղիներուն:
Արցախեան պատերազմի հերոսը միաժամանակ բացառած է ռազմական գործողութիւններուն ծաւալումը Հայաստանի տարածքին մէջ: «Ես չեմ բացառում մանր սադրանքների հնարաւորութիւնը, սակայն խոշորամասշտաբ ռազմական գործողութիւնները քիչ հաւանական են, քանի որ Հայաստանը ՀԱՊԿ անդամ է», նշած է Քոմանտոսը եւ թերագնահատած է ատրպեճանական բանակի ռազմական գիտարուեստի որակը՝ դրական գնահատելով հայկական բանակին մարտունակութիւնը:
«Մենք մեր բանակը կառուցել ենք խորհրդային դպրոցի աւանդոյթներով, ինչը ապացուցել է, որ այդ համակարգը արդիւնաւէտ է գործում», ընդգծած է Արկադի Տէր Թադէւոսեանը եւ անդրադառնալով երկու կողմի ռազմական հմտութիւններուն՝ աւելցուցած. «Տարբեր միջազգային ռազմական ուսումնական հաստատութիւններում սպայ դառնալու համար սովորող ատրպէյճանցի կուրսանտների առաջադիմութիւնը խիստ բացասական է, փոխարէնը հայերն ի ծնէ սիրում են զէնքը եւ մարտի ժամանակ կարողանում են տիրապետել դրան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.