ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային՝ անգամ մը եւս խնդրելով անկէ, որ յարգէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախընտրական արշաւին ընթացքին հայ ընտրողներուն տուած իր խոստումը։
Խաչիկեան նամակին մէջ կը գրէ, թէ Օպաման իր այս պարտաւորութիւնը կատարելով՝ պիտի իրականացնէ «արդար, ճշմարտացի եւ ամերիկացի ժողովուրդին յարիր քաղաքականութիւն», միաժամանակ հաւատարիմ մնալով Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ իր սեփական դիրքորոշման։
Յիշեցնենք, թէ Օպամա յստակօրէն յայտարարած էր, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի իրողութիւն մըն է, երբ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ էր:
Խաչիկեանի Նամակին մէջ նաեւ կը նշուի. «Ես նաեւ կը խնդրեմ, որ դուք պատրաստէք Ապրիլ 24ի ելոյթը, հաշուի առնելով այն իրողութիւնը, որ յիշատակի այդ օրը որքա՛ն կարեւոր է մեր համայնքին, նաեւ անոնց, որոնք անտարբեր չեն այդ սարսափելի ոճրագործութեան հետեւանքներուն նկատմամբ»։
Խաչիկեան միաժամանակ կը քննադատէ այն իրողութիւնը, որ Օպամայի վարչախումբը Հայաստանի իշխանութեանց վրայ ճնշում կը բանեցնէ՝ ընդունելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած թրքանպաստ արձանագրութիւնները, դատապարտելով նաեւ այն իրողութիւնը, որ Օպամա նեցուկ կը կանգնի այս արձանագրութիւններով կազմուելիք պատմական հարցերու յանձնախումբին քննելիք հարցերուն մէջ Ցեղասպանութեան հարցը ընդգրելու Թուրքիոյ պայմանին, ինչ որ պիտի նպաստէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան: Խաչիկեան նաեւ կը դատապարտէ Քոնկրեսին ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ՝ Սպիտակ տան տարած աշխաատանքը եւ կատարած յայտարարութիւնները:
Այս ծիրէն ներս, Խաչիկեան նաեւ կը շեշտէ, թէ Օպամա պէտք է հայկական համայնքին ներկայացուցիչներուն հետ ընդարձակ հանդիպում մը ունենայ, մօտէն ծանօթանալու համար անոր մտահոգութիւններուն:
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց նահանգներու ծերակուտականներուն, որպէսզի անոնք իրենց կարգին, ստորագրեն նախագահ Օպամայի յղուած Քալիֆորնիոյ ծերակուտական Պարպարա Պաքսըրի այն նամակը, ուր կը պահանջուի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը նախագահին կողմէ:
Նամակին եւ ծերակուտականներու կատարուելիք դիմումին մանրամասնութեանց համար, այցելել www.capwiz.com/anca/callalert/index.tt?alertid=14910071&type=TA համացանցային կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.