ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Այսօր պիտի խօսենք Կալիֆորնիայի հայ-ամերիկեան բժշկական միութեան մասին, որն արդէն բոլորում է իր հիմնադրութեան 25 տարին: Որպէս գաղութի համեմատաբար նոր անդամ, կը կարծենք, յարմար ժամանակի է հանդիպում մեր ծանօթացումը, որն է՝ միութեան յոբելեանական տարեդարձի նշումը Մայիս 1, 2010ին, Glendale Hilton (100 West Glenoaks blv.) պանդոկի սրահում, երեկոյեան ժ, 7ին: Այս երեկոյի ընթացքում պատւոյ գնահատանքի պիտի արժանանան միութեան հիմնադիր հայրերը եւ անցնող շրջանների նախագահները: Հետաքրքրութիւն առաջացաւ համատեղել ամենասկզբնական շրջանի մտածումները եւ նորօրեայ մտածելակերպը, որի միջոցով եւ կբացայայտուի այն առաջընթացը, որ ունեցել է հայ բժիշկների միութիւնը:
Հայ-ամերիկեան բժշկական միութեան հիմնադիրներն են եղել բժիշկներ՝ Միսաք Պարսամեանը, Յարութիւն Սաղրեանը եւ Ժան Մոմճեանը: Յարմարութիւն ունեցանք հանդիպելու բժիշկ Մոմճեանին, որի տան մէջ 25 տարիներ առաջ վերոյիշեալ եռեակը յղացել էր բժշկական միութիւն ստեղծելու գաղափարը: «Մենք մեզի ընտրուեցանք, վերջը ընտրութիւն ըրինք», ասում է նա, եւ 7 հոգով սկսուած միութիւնն այժմ հաշւում է 400 անդամներ: Սկզբում անդամակցել են միայն բժիշկները, հետագայում ընդգրկուել են բժշկական ասպարէզում աշխատող հայեր եւ, այժմ, որպէս մերօրեայ պահանջք՝ նաեւ ամէն անձ, որ իր բժշկական, առողջապահական ծառայութիւններով առնչվում է հայութեան հետ:
Սփիւռքի որեւէ հայկական միութիւն սկզբնական շրջանում ստեղծուել է ինքնութիւնը պահպանելու եւ համախմբուելու նպատակով, «կռնակ կեցողների» օժանդակութեամբ: Մինչեւ մեր օրերը հասած կազմակերպութիւններն արդէն ճանաչուել են պետութեան կողմից եւ ծաւալում են հսկայական աշխատանքներ թէ՜ սփիռքում, թէ՜ հայրենիքում:
Կալիֆորնիայի հայ-ամերիկեան բժշկական միութեան գործունեութեանը ծանօթանալու նպատակով հանդիպում ունեցանք միութեան ներկայ նախագահ, վերարտադրական գեղձաբանութեան եւ ամլութեան մասնագէտ բժիշկ Վիգէն Սեփիլեանի հետ: Երիտասարդ բժիշկը պատմում է.
– Հայրենիքէն դուրս գոյութիւն ունեցող ամենամեծ հայկական բժշկական միութիւնն ենք: Միութեան նպատակն է օգտակար ըլլալ գաղութի առողջապահական հարցերուն՝ այն է փոխանցել մեր հայրենակիցներուն բժշկական գիտելիքներ եւ կանխարգիլել առաջանալիք հիւանդութիւնները: Ունինք շաբաթական հեռուստատեսային ժամ, երբ մասնագէտ բժիշկներուն հետ կատարուող հարցազրոյցներու օգնութեամբ կը վերլուծենք տւեալ հիւանդութիւնը՝ հաղորդակից ընելով մեզի դիտողները եւ պատասխանելով անոնց հարցումներուն: Ունինք անգլերէն լեզուով քառամսեայ Newsletter, նաեւ կայքէջք՝ info@aamc.com Պետութեան քով ունենալով մասնագիտական վարկ, մեր միութիւնը ունի Continuing Medical Education (CME) ծրագիրը եւ իւրաքանչիւր ամիս իր անդամներուն համար կը կազմակերպէ տարբեր նիւթերով դասընթացքներ՝ յատուկ մասնագէտներու ղեկավարութեամբ: Այստեղէն ստացած վարկանիշերը (credential) կÿօգնեն մեր անդամներուն նորոգելու իրենց բժշկական ծառայութեան տարեկան License Board Card-երը: Ունինք հնարաւորութիւն նիւթապէս օժանդակելու բժշկական ճիւղին մէջ ուսանող հայ երիտասարդներու, որուն նախընթացը ունեցած ենք: Ամէն տարի կը կազմակերպենք Health Fair, ուր անվճար ծառայութիւններ կը սպասարկենք բժշկական ապահովագրութիւն չունեցող հայերու:
– Նշանաբան ունենալով բժշկական ծառայութիւնը՝ հայ ժողովրդին, բնական է, որ պէտք է հասնինք նաեւ Հայրենիք: Հայաստանի չորս
– հեռաւոր գիւղերուն մէջ՝ Արեգունի, Փոքր Մազրիկ, Ձափարթաղ եւ Ոսկեւան ունինք հիւանդանոցներ: Երեւանի մէջ ունինք երեխաների մանկական շաքարախտի եւ մանկական էպիլեպսիկ կեդրոններ:
– Շենգաւիթի հիւանդանոցին մէջ օգնած ենք վերակառուցելու ծննդատան բաժինը: Ղարաբաղի մէջ ստեղծած ենք Mobil Clinic՝ ախտորոշման եւ բուժման շարժուն կէտ, որ կրնայ օգնութեան հասնիլ հասնիլ բժշկական ծառայութիւններէ զուրկ հեռաւոր գիւղեր՝ Ղարաբաղի եւ Ատրպէճանի սահմանին: Հայաստանի մէջ սկսած ենք Armenian Eye Care Project ծրագիրը, որ առաջացած եւ դարձած է ինքնուրոյն կազմակերպութիւն: Մեր միութեան անդամ բժիշկներ կ՛երթան Հայաստան՝ կատարելու անվճար գործողութիւններ: Կը ղրկենք բժշկական գիրքեր, անհրաժեշտ սարքաւորումներ հայրենի հիւանդանոցներու եւ քլինիքներու համար:
– Բոլոր ծրագիրները կ՛իրականանան հիմնականին մէջ նիւթական կարելիութիւններով: Միութիւնը ունի անդամավճարի դրութիւն: Տարեկան խոշոր ճաշկերոյթները, որուն հրաւիրուած կ՛ըլլան մեր բարերարները եւ հովանաւորները, կը կազմակերպուին մեծ մասամբ դրամահաւաքի նպատակով: Այս տարուան banquet-gala-ի հասոյթը պիտի տրամադրուի Երեւանի մանկական շաքարախտի կեդրոնին: Ձեռնարկներուն ներկայ կ՛ըլլան ազդեցիկ հիւրեր հայ եւ օտար տարբեր շրջանակներէն, նաեւ բարոյական նեցուկ կենալու համար մեր ծրագիրներուն: Եղածը հայուն եւ Հայրենիքին համար է:
– Հետաքրքիր էր լսել սահուն մայ-րենի հայերէն խոսող երիտասարդ նախագահին: Չկային չափազանցումներ. կային ծրագրեր, իրականացումներ եւ՝ դրանց փաստերը: Եթէ միութեան հիմնադիրները տարիներ առաջ Մերձաւոր Արեւելքից բերուած երազներով ցանկանում էին միանալ որպէս հայ բժիշկներ, ապա այսօրուայ ամերիկահայ բժիշկների նոր սերունդը՝ զինուած աշխարհի գերարդիական գիտական նուաճումներով շարունակում է այդ միութիւնը, այս անգամ տարածելու ստեղծուած միասնական ուժը ի նպաստ հայ ժողովրդի առողջական վիճակին ոչ միայն ամերիկահայ գաղութում, այլ նաեւ հեռաւոր հայրենիքի հեռաւոր անկիւններում:
Քալիֆորնիայի հայ-ամերիկեան բժշկական միութեան անցած 25 տարիները մնում են ետեւում՝ բացելով ճանապարհ դէպի նորանոր 25 ամեակներ:
Ապրիլ 4, 2010, Գլենդէլ