ՌԱԶՄԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Իրաւաբան Մարք Կիրակոս վերջերս UCLA-ի հաղորդակցութեանց ուսմանց բաժանմունքին մէջ տրուած դասախօսութեան մը ընթացքին անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ազատ արտայայտուելու սահմաններու հարցին:
Ան համալսարան հրաւիրուած էր «Ազատ արտայայտութիւնը ծանուցումներու մէջ» նիւթով դասընթացքի դասախօս Ռաֆֆի Գասապեանին կողմէ, որովհետեւ Կիրակոս ստանձնած է Օհայոյի մէջ քոնկրեսական ընտրութեանց թեկնածու Տէյվիտ Գրիգորեանի հարցը:
Յիշեցնենք, թէ Գրիգորեանի դէմ դատ բացած է Օհայոյէն քոնկրեսական Ճին Շմիթը, որ Գրիգորեանի մրցակիցն է, պնդելով, թէ 2008ին կայացած ընտրապայքարին ընթացքին Գրիգորեան սուտ պնդումներ կատարած է, երբ ըսած է, թէ Շմիթ իր ընտրապայքարին համար «արիւնօտ դրամ» ստացած է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ պայքարող թուրքերէ:
Ազատ արտայայտուելու եւ ազատ վիճաբանելու իրաւանց կարեւորութիւնը շեշտելէ ետք, Կիրակոս խօսեցաւ դատավարութեան մասին ու նշեց, թէ Օհայոյի ընտրական յանձնաժողովին ինչպէս բացատրած է, թէ Գրիգորեանի պնդումները անհիմն չէին, միաժամանակ անոր ներկայացնելով Շմիթի ստացած նուիրատուութիւններուն ցանկը, որոնք Շմիթը ուղղակի կը կապէին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն:
Կիրակոս, որուն մեծ հայրն ու մեծ մայրը Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներ են, աւելցուց, թէ Գրիգորեանի դատով մօտէն հետաքրքրուած է, որովհետեւ ան կ՛առնչուի հարցի մը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, որ «մօտ է սրտիս»:
Ռաֆֆի Գասապեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրաւաբանին, որ առիթ ընծայեց համալսարանի ուսանողներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու «քաղաքական արտայայտութիւն» հասկացողութեան եւ անոր սահմաններուն: