ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Կան մարդիկ, որ կը սիրեն վիճել, իսկ իմաստունները կը փորձեն հասկնալ իրավիճակը։ Եկէք մնանք իմաստուն ու խօսինք Նայիրի Նահապետեանի մասին: Խօսիլ, այսինքն, անհրաժեշտ է նախ ընկալել ժառանգական ճշմարտութիւն մը, որ բխած է յարգարժան, արդարամիտ, աշխատասէր Խաչիկ եւ Անի Նահապետեաններու կազմած ընտանեկան ակունքէն, որոնք ազնուութիւն բաշխած են իրենց զաւակներուն՝ Նարեկին եւ Նայիրիին, դրոշմուած հայկական անձնանուններով:
Մաքուր եւ անխառն մանկութեամբ, հայկական ազնիւ ներաշխարհով տարիներու ընթացքին վաստակ մը շալկած մեզի կը ներկայանայ Նայիրի Նահապետեանը։ Բազմիցս գրուել ու խօսուել է անոր մասին։ Պարզապէս, կ՛ուզեմ շեշտել Նայիրին, որպէս ԱՐԺԷՔ մը մեր հայ եւ օտար հասարակութեան մէջ։
Նայիրի Նահապետեան՝ արժանիքներով, մտածողութեամբ, անսակարկ ծառայելու բարձր գիտակցութեամբ հայուհին, խաղաղասէր, գուրգուրոտ, խղճամիտ, կարեկցող, արդարամիտ, ազգանուէր մանկավարժի վայել ներողամտութեամբ ու համբերանքով կը վարէ իրեն վստահուած գործը եւ կը փաստէ իր կարողութիւններն ու յատկութիւնները։ Իր միութենական ըմբռնումներով, ուսումնասիրուած, խելացի ու գործնական ծրագիրներով պատրաստ է Հայ ժողովուրդի տագնապները ներկայացնել նահանգային խորհրդարան։
Իրեն ճանչցողները կը վստահեցնեն, որ հեղինակաւոր եւ ճշմարտութեան վրայ կազմաւորուած ղեկավարը միշտ պայքարած է նպատակի համար, հասած է անորÿ զուսպ ու հաւասարակշռուած։ Եւ իր չափաւորութեամբ հաւատք ներշնչած է։
ՄԵՆՔ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆՔ ՆԱՅԻՐԻ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆԻՆ։
Ան անկեղծ է, յարգանքով լի՝ իր ընտանեկան սրբութիւններու հանդէպ,ա նոր փոխանցած քաղցր ժպիտը, քաղաքավարութիւնը ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ, կը սիրէ ստեղծել նորը, լաւագոյնը։ Ան կարգ ու կանոնի ջատագովն է ։
Իր հեզահամբոյր կեցուածքով ան շարունակ յաջողութիւններ արձանագրած է: Մենք վստահ ենք, որ Նայիրին պիտի ջանայ ապահովել հայ համայնքի քաղաքացիական, բարոյական, ընկերային կեանքի պայմանները։
Սիրելի հայ ժողովուրդ, պահը եկած է դատելու եւ թոյլ չտալու պատմական սխալ մը եւս։ «Եկէք ձեռք-ձեռքի տանք եւ միասնականութեան շուրջպարով սատարենք Նայիրի Նահապետեանին Նահանգային Խորհրդարանի ընտրութիւններու ընթացքին, մեր աջակցութիւնն ու վստահութիւնը ցուցաբերելու անհրաժեշտութեամբ։