ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ համայնքը ներկայացնող գլխաւոր կազմակերպութիւններու ու ազգային կառոյցներու կողմէ Ապրիլ 9, 2010 թուակիր դիմում մը յղուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ Ուաշինկթըն կատարելիք իր այցելութեան առթիւ: Ստորեւ կը հրատարակենք սոյն դիմումը ամբողջութեամբ:
Մեծայարգ
Տիար Սերժ Սարգսեան, Նախագահ
Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան, Հայաստան
Յարգելի Պրն. Նախագահ,
Իբրեւ Հայկական Սփիւռքի ամենամեծ ու ամենակազմակերպ գաղութներէն մին, ամերիկահայութիւնը անցնող տասնամեակներուն յանձնառութեան բարձր գիտակցութեամբ առաջ տարաւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ մեր պատմական իրաւունքներու պաշտպանութեան պայքարը։
Ինչպէս գիտէք, այդ պայքարին վերջին նուաճումներէն մին հանդիսացաւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յանձնաժողովին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ներկայացուած թիւ 252 բանաձեւին որդեգրումը։ Այս նուաճումը դիւրին չեղաւ, սակայն։ Յանձնաժողովէն ներս հնչած ելոյթներու ընթացքին կարգ մը Գոնկրէսականներ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումէն խուսափելու համար չարաշահեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները, եւ առաջարկեցին «չխանգարել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած հաշտեցման գործընթացը»։
Նման չարաշահումներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը խանգարելու փորձերուն, ինչպէս նաեւ արձանագրութիւններու ճամբով հայութեան պատմական իրաւունքներուն վերականգնումը խափանելու փորձերուն դիմաց Սփիւռքի հայութիւնը եւ Հայրենի մեր ժողովուրդն ու պետականութիւնը հարկ է որ միասնական ճակատով ներկայանան։
Յառաջիկայ Ապրիլ 12-13, 2010-ին դուք Ուաշինկթընի մէջ ներկայ պիտի գտնուիք Հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովին։
Այսու կոչ կ’ուղղենք յարգարժան նախագահութեանդ, որպէսզի Ուաշինկթըն Ձեր ժամանման ու կեցութեան ընթացքին սատարէք ամերիկահայութեան տարած աշխատանքներուն, հրապարակաւ գնահատէք թիւ 252 բանաձեւին զօրակցող եւ անոր ի նպաստ քուէարկող գոնկրէսականները, եւ ի լուր աշխարհին վերահաստատէք Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գծով ձեր կատարած սկզբունքային հետեւեալ կեցուածքները.–
1.– Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն մէջ նշուած «պատմական հարթութեան» միջպետական յանձնաժողովը չի՛ կրնար քննարկել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։ «Նման յանձնաժողով ստեղծելը կը նշանակէր կասկածի տակ դնել մեր ժողովրդի դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան փաստը։ Դա մեզ համար անընդունելի է։ Յանձնաժողովի ստեղծումն այն դէպքում իմաստ կ’ունենար, եթէ Թուրքիան իր մեղքը խոստովանէր։ Այդ ժամանակ գիտնականները համատեղ կարող էին պատճառները հետազօտել, որոնք յանգեցրին այդ ողբերգութեանը»։ («Տէր Սպիկըլ» Ապրիլ 4, 2010):
2.– Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնը եւ ստորագրուած արձանագրութիւնները չեն կրնար օգտագործուիլ խուսափելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն։ «Մենք չենք ընդունում Հայաստան- Թուրքիա երկխօսութեանը յղում կատարելով Ցեղասպանութեան ճանաչումից խուսափելը բացատրելու գործելաոճը։ Չեմ կարծում, եթէ դա օգնութիւն է գործընթացին» (Տէր Զօր, Մարտ 24, 2010):
3.- Կոչ ուղղէք ԱՄՆ-ի նախագահին եւ միջազգային համայնքին որպէսզի պաշտօնապէս ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ «Ամերիկան, Եւրոպան, նաեւ Գերմանիան, բոլոր պետութիւնները, որոնք ընդգրկուած են հայ թուրքական մերձեցման այս գործընթացում, պէտք է հրապարակային դիրքորոշում արտայայտեն։ Եթէ բոլոր պետութիւնները Ցեղասպանութիւնն արդէն ճանաչած լինէին, թուրքերը այդպէս չէին արտայայտուի»։
4.– Վերջապէս, կը յուսանք եւ կ’ակնկալենք, որ Թուրքիոյ հետզհետէ կոշտացող ու ազդարարութիւններու ոճով հնչեցուցած սպառնալիքներուն ի պատասխան, Ուաշինկթընէն կը յայտարարէք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններով սկսած գործընթացը կարելի չէ՛ շարունակել Թուրքիոյ որդեգրած ոչ կառուցողական եւ թշնամական վարքագիծին պատճառաւ։
Վստահ ենք որ մեր խնդրանքը անարձագանգ չի՛ մնար։ Կը հաւատանք, որ իբրեւ ՀՀ նախագահ Տէր Զօրէն ու Երեւանէն ետք մեր նահատակներուն արդարութեան ձայնը կը հնչեցնէք նաեւ Ուաշինկթընի մէջ։
Ամերիկահայութիւնը իր հայեացքները յառած հայրենիքին ու Արարատին՝ իր գործնական մասնակցութեամբ պիտի շարունակէ սատարել հայրենի պետականութեան հզօրացման, հայրենիքի անվտանգութեան ու բարգաւաճման գործին։ Մեր ակնկալութիւնն է նաեւ, որ ՀՀ նախագահն ու հայրենի պետականութիւնը իրենց կարգին կանգնին հայկական Սփիւռքի կողքին ու պետական հնարաւորութիւններով իրենց մասնակցութիւնը բերեն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու արդարութեան վերահաստատման պայքարին։
Ակնկառոյց կը սպասենք՝ Ուաշինկթընէն ձեր ունենալիք խիզախ ելոյթին։
Ստորագրութիւններ՝
Armenian Evangelical Union of North America
Apostolic Exarchate for Armenian Catholics
Eastern Prelacy of the Armenian Apostolic Church
Western Prelacy of the Armenian Apostolic Church
Armenian National Committee of America – Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Armenian National Committee of Eastern USA – Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Armenian National Committee of Western USA – Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի ԿԵդրոնական Կոմիտէ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի ԿԵդրոնական Կոմիտէ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
Armenian Rights Council of America – Հայ Դատի Խորհուրդ
Armenian Council of America – Հայ Ամերիկեան Խորհուրդ
Հայ Օգնութեան Միութիւն – Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
Հայ Օգնութեան Միութիւն – Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
ՀԱՍԿ – Հայ Ամերիկեան Սփիւռք Կազմակերպութիւն
Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմին – Լոս Անճելըս