ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի օրուան դրութեամբ, շուրջ 17,000 հոգի՝ թղթատարի միջոցաւ, քուէարկած ու կատարած է 43րդ ընտրաշրջանի նահանգային խորհուրդի թեկնածուի առնչութեամբ իր ընտրութիւնը:
Այս ընդհանուր թիւի երեսուն տոկոսը՝ 5100 հոգի, հայկական ազգանուններ ունի. անոնցմէ հազարը Հանրապետական կուսակցութեան անդամ արձանագրուած քուէարկողներ են:
Ըստ մեր տեղեկութիւններուն, շուրջ 1900 հայեր թղթատարով քուէարկելու թերթիկներ ուզած են, սակայն տակաւին չեն քուէարկած:
Ոչ հանրապետական ու ոչ հայ քուէարկողներու թիւը 7000ի կը հասնի: Նախնական տուեալներով, Նայիրի Նահապետեանը այս 7000ին քառասուն տոկոսը կրնայ ապահովել: Նոյն տոկոսով հայկական քուէ ապահովելու պարագային, Նայիրիին յաղթանակը շատ հաւանական կը դառնայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.