ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական Ցեղասպանութեան պահանջատիրական պայքարին մէկ մասնիկը հանդիսացող Լոս Անճելըսի մօտ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ ամէն Ապրիլ 24ի կայացող բողոքի ցոյցը, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ՝ կազմակերպութեամբ ՀԵԴին:
Դեսպանատան հասցէն է՝ 6300 Wilshire Blvd. Los Angeles CA, 90048, իսկ ցոյցը պիտի սկսի ժամը 4ին:

Հայկական Ցեղասպանութեան 95րդ ամեակին նուիրուած ցոյցը տեղի կ՛ունենայ այն օրերուն, երբ Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը կը շարունակէ զբաղեցնել զանազան երկիրներու եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ մայրաքաղաքները:
Այս պատճառով, ցոյցին ընթացքին ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը պիտի դատապարտուի, այլ պիտի դատապարտուի նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու միտող Թուրքիոյ իշխանութեանց աշխատանքները, որոնց օրինակներէն մէկն է Քոնկրեսին ներկայացուած բանաձեւը ձախողութեան մատնելու նպատակով ամերիկեան իշխանութեանց վրայ բանեցուող ճնշումը:
Բողոքի ցոյցին աւելի մեծ թիւով մասնակիցներ ապահովելու համար տրամադրելի պիտի ըլլան զանազան շրջաններէ ցուցարարներ՝ հիւպատոսարան փոխադրող եւ անոնց վերադարձը ապահովող հանրակառքեր:
Ստորեւ ցանկը այն վայերուն, ուրկէ ճամբայ պիտի ելլեն հանրակառքերը.
ՀՈԼԻՎՈՒՏ
«Ալեք Փիլիպոս» վարժարան
1615 North Alexandria Ave., Los Angeles, CA
ՓԱՍԱՏԻՆԱ
Հայ Կեդրոն
2242 E. Foothill Blvd., Pasadena, CA
ԿԼԵՆՏԷՅԼ
Ս. Աստուածածին եկեղեցի
500 South Central Ave., Glendale, CA
ՍԱՆ ՖԵՐՆԱՆՏՕ ՀՈՎԻՏ
«Ֆերահեան» վարժարան
5300 White Oak Ave., Encino, CA
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ
Ս. Խաչ եկեղեցի
900 W. Lincoln Ave., Montebello, CA
ՕՐԵՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻ
Հայ Կեդրոն
5305 W. McFadden, Santa Ana, CA
Բոլոր հանրակառքերը ճամբայ պիտի ելլեն ժամը ճիշդ 2:30ին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 507-1933 թիւին կամ այցելել ՀԵԴի համացանցային կայքը՝ www.ayfwest.org հասցէով: