ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ամերիկեան մամուլը գրեթէ անտեսեց անցնող շաբաթավերջին բացայայտուած այն տեղեկութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախքին նախարար Հենրի Քիսինճըր անուղղակիօրէն մեղսակից է 1976ի Սեպտեմբեր 21ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքի մը:
Արդարեւ, այդ օրը Չիլիի մենատէր Ակուսթօ Փինոշէի գործակալներուն կողմէ զետեղուած ականի մը պայթումին հետեւանքով սպաննուած էին Չիլիի արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ դեսպան Օրլանտօ Լեթելիէն եւ անոր խորհրդականը՝ Ռոնի Մոֆիթ, որ ամերիկացի մըն էր: Այս ահաբեկչական արարքէն միայն հինգ օր առաջ, Քիսինճըր մերժած էր ամերիկեան կառավարութեան կարգ մը շրջանակներէ եկած այն առաջարկը, թէ ազդարարութիւն մը պէտք է յղել Չիլիի, որ կասեցնէ այլախոհներու սպանութիւնը, որ ծանօթ էր «Գիշատիչ գործողութիւն» անունով:
Բացայայտ իրողութիւն է, որ Փինոշէ իշխանութեան հասած էր Ուաշինկթընի օժանդակութեամբ, իսկ ամերիկեան ապահովական ուժերը նոյնիսկ կարգ մը այլախոհներ ձերբակալելով՝ զանոնք յանձնած էին մենատէրին, սակայն ցարդ գաղտնի պահուած եւ նոր բացայայտուած Քիսիճըրի այս որոշումը առաջին անգամ ըլլալով ցոյց կու տայ, թէ Ուաշինկթըն նաեւ մեղսակից է ահաբեկչական արարքի մը:
«Հարփըրզ»ի համացանցային կայքին վրայ, Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան արխիւէն բարձրաստիճան վերլուծաբան մը կը յայտնէ, թէ հաւանական նկատուող ահաբեկչական արարքներու դէմ քայլ մը չառնելով՝ Սեպտեմբեր 16ի որոշումը այս ժամանակահատուածի պատմութեան «պակսող կտորն էր»: Ան կ՛աւելցնէ, թէ այս քայլը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ Քիսինճըր որոշած էր ոչինչ ընել, հակառակ ահաբեկչութեանց մասին ստոյգ տեղեկութեանց:
Հակառակ այս եւ աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ իր կասկածելի արարքներուն, Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի արժանացած Քիսինճըրի մասին այս տեղեկութեան անտեսումը կարելի է կապել այն իրողութեան, որ ան կը շարունակէ սերտ կապեր ունենալ երկրին լրատուական միջոցներու վերնախաւին հետ: