«ՄԱՐՄԱՐԱ».- Այշէ Հիւր «Թարաֆ»ի մէջ այս շաբաթ (անցեալ Շաբաթ օր) պատմական ճոխ տեղեկութիւններով կը պատմէ «Զէյթունի ապստամբութիւն» կոչուած հայկական շարժումին դրդապատճառներուն ու մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Ան ամէն շաբաթ կը զարմացնէ մեզ այս նիւթերէ շուրջ իր կատարած ուսումնասիրութիւններով ու պրպտումներով, որոնք հիմնուած են հազուագիւտ աղբիւրներու ու հրատարակութիւններու վրայ։ Այս շաբաթ ալ հետաքրքրական շատ բան կայ Զէյթունի մասին, յօդուածագրին ամբողջ նպատակն է բացատրել թէ հայերը այնքան ալ յանցաւոր չէին այդ շրջանակին մէջ, մինչ Թիւրքմէններն անգամ գոհ չէին շրջակայքի կեանքի պայմաններէն։
Բայց յօդուածին միայն մուտքի բաժինը կը բաւէ։ Այշէ Հիւր սապէս կը գրէ իր յօդուածին սկսելէ առաջ.-
«Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ մեր մեծաւորները տարուած են 24 Ապրիլի իրարանցումով։ Ծանր ճնշում կը կատարուի որպէսզի ԱՄՆի նախագահ Օպամա 24 Ապրիլին ցեղասպանութիւն չկոչէ 1915ի հայկական տեղահանութիւնը։ Անոնցմէ ո՛չ մէկուն հոգն է պատմական ճշմարտութիւնն ու այն բարոյական պատասխանատուութիւնը որ այդ ճշմարտութեան կողմէ կը դրուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան ու Թուրք ժողովուրդին վրայ։ Անոնց նպատակն է օրը փրկել։
Բայց անոնք դեռ թող շարունակեն մնալ իրենց 95 տարուան անբարոյ կեցուածքին մէջ, մենք պիտի ջանանք քիչ մը եւս մօտենալ պատմական ճշմարտութիւններու։ Այս շաբթուան նիւթն է հայերու Զէյթունի ապստամբութիւնը, ապստամբութիւն զոր Իթթիհատականները գործածեցին արդարացնելու համար Օսմանեան շրջանի հայերը դէպի Տէր Զօր մահուան ահաւոր ճամբորդութեան մը հանելու իրենց որուշումը»։
Այս մուտքէն վերջ յօդուածագիրը աշխարհագրական տեղեկութիւններ կու տայ Զէյթունի մասին, դիտել տալով որ հայերը այս հողամասին վրայ կը բնակէին 10րդ դարէն ի վեր։ Ճիշդ է որ Օսմանեան պետութիւնը գանգատներ ունէր Մարաշի մերձակայ շրջաններու ու Զէյթունի մէջ պատահած յելուզակային արարքներէ, բայց բուն յելուզակները հայերը չէին, այլ Թուրքմէններն էին։ Մարաշի հայերը թէեւ երբեմն կը գործակցէին Թիւրքմէն յելուզակներուն, բայց այդ հայերը պատճառներ ունէին ապստամբելու համար։ Մուրատ Դ. Սուլթանը Զէյթունի հայերը զերծ պահած էր տուրքէ, բայց յաջորդող իշխանութիւնները չէին գործադրեր այդ ֆէրմանը ու հայերը կը ստիպուէին դժգոհիլ։
Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտը պաշտպանող պատմաբանները երկու կարեւոր իրադարձութիւնները արդարացուցիչ պատճառ կը նկատեն 1915ի տեղահանութեան համար։ Մէկը Վանի ապստամբութիւնն է, միւսն ալ Զէյթունի վերջին ապստամբութիւնը։ Այս վերջինը պատահեցաւ 3 Օգոստոս 1914ին երբ Օսմանեան Պետութիւնը հռչակեց ընդհանուր զօրակոչ։ Տարաձայնուած էր որ զինուոր կանչուած ոչ-Իսլամները աշխատաւորական ջոկատներով ներս կը ղրկուէին ու կը սպաննուէին, այս տարաձայնութիւններուն պատճառաւ Զէյթունի մէջ 20-25 զինուորական փախստական հայեր ապաստանեցան Զէյթունի ամէնէն ապահով վայրը, որ էր Սուրբ Աստուածածին վանքը։ Գիւղացիներն ալ անոնց միացան, ապստամբներու թիւը բարձրացաւ 300ի։ Պետութիւնը վեց հազար հոգիէ բաղկացեալ ուժ մը ղրկեց ապստամբներուն վրայ։ Անհաւասար ուժերու միջեւ կռիւները պատահեցան 25 Մարտ 1915ի մինչեւ գիշերուան ժամերը։ Հայկական կողմը տուաւ 37 մեռեալ, 100 վիրաւորեալ, իսկ Թրքական կողմը կորսնցուց ութը հոգի, մէկը զօրավար, ունեցաւ 26 վիրաւորեալ։ 300 հայ երիտասարդները աւելի վերջ յանձնուեցան իշխանութիւններուն։
Ինչ ինչ իրադարձութիւններէ վերջ Զէյթունի հայերու տեղահանութեան առաջին կարաւանը 8 Ապրիլ 1915ին ճամբայ հանուեցաւ դէպի Գոնիայի Սուլթանիյէ ու Գարափընար գաւառակները։ Այդ միջոցին Վանի ապստամբութիւնը չէր պատահած տակաւին։ Զէյթունցիներէն պարպուած տուներուն մէջ 20 Ապրիլին, այսինքն քանի մը օր վերջ տեղադրուեցան Անթապէն բերուած մակեդոնացի գաղթականներ, արագութիւն մը՝ որ ցոյց կուտար որ այս բոլորը առաջուց ծրագրուած էր արդէն։ Տակաւին ուրիշ բազմաթիւ վաւերաթուղթեր ալ աւելի վերջ պիտի յայտնուէին նոյն իրականութիւնը փաստող։
24 Ապրիլին Թալաթ Փաշա Ճէմալ Փաշային գրութիւն մը ղրկելով յայտնեց թէ տեղահանուած զէյթունցիներուն դէպի Գոնիա ղրկուիլը կարելի պիտի չըլլար այլեւս, ուստի ուզեց որ տեղահանուածները ղրկուին դէպի Ուրֆա ու Հալէպ։ Որովհետեւ իթթիհատականները այլեւս տարբեր ծրագիրներ ունէին հայերու մասին։ Նոյն օրը Իսթանպուլի ամէնէն նշանաւոր հայ մտաւորականներէն ու արուեստագէտներէն 250 անձեր իրենց տուներէն առնուեցան ու ճամբայ հանուեցան դէպի Այաշ ու Չանգըրը։ Սպայակոյտի Նախագահութեան արխիւներուն համաձայն 4 Մայիս 1915էն սկսեալ Մարաշէն Հալէպի վրայով Տէր Զօր ղրկուած 27.100 հայերու խումբին 9.930ը զէյթունցի էր։ Չենք գիտեր թէ ասոնցմէ քանին կրցաւ ողջ հասնիլ։ 16 Մայիս 1915 թուականին Զէյթունին անունը փոխուեցաւ ու կոչուեցաւ նահատակ Հազարապետ Սիւլէյմանի անունով՝ Սիւլէյմանլը։ Այսպէս է որ ջնջուեցաւ Զէյթունէն վերջին հայկական հետքն ալ։ Նմանօրինակ գործողութիւններ երկրին ամէն կողմը պիտի կատարուէին ու հայերը պիտի փրցուէին, անդին պիտի շպրտուէին այն հողերուն վրայէն ուր կ՛ապրէին 2500 տարիէ ի վեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.