ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ կանանց միջազգային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Ճան եւ Յասմիկ Մկրտիչեան հիմնարկէն 50,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ստացած է, Ճեզմըն Մկրտիչեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամ մը ստեղծելու նպատակով: Կրթանպաստի հիմնադրամին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ապագային պիտի յայտարարուին:
Հայ կանանց միջազգային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ հանգուցեալ Ճեզմըն Մկրտիչեանի ջանքերով ստեղծուած էր Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.