Արուեստագէտներու կեանքին մէջ անոնց կողակիցներուն ներդրումը արժեւորելու նպատակով հաստատուած «Փարաճանով-Վարդանով» մրցանակներու տարեկան առաջին մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 18ին, Պեւըրլի Հիլզի շարժապատկերի փառատօնին ճաշկերոյթի ձեռնարկին ընթացքին, «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկին մէջ:

Այս տարուան մրցանակակիրներն են հայ ազդեցիկ բեմադրիչներ Սերգէյ Փարաճանովի (1924-1990) եւ Միխայէլ Վարդանովի (1937-2009) այրիները՝ ուքրանուհի Սւեթլանա Շերպաթիուք եւ Սւեթլանա Մանուչարեան, որոնք յատկանշական ներդրում ունեցած են իրենց կողակիցներուն արտադրութեանց մէջ: Այս տարի մրցանակ պիտի ստանայ նաեւ Պեւըրլի Հիլզի շարժապատկերի փառատօնի հիմնադիր Նինօ Սիմոնը:
Այս առիթով եւ նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 3էն սկսեալ UCLA-ի «Ճէյմզ Պրիճըզ» սրահին մէջ («Մելինց» սրահ, 235 Charles E. Young Dr.) տեղի պիտի ունենայ Վարդանովի «Փարաճանով. Վերջին գարունը» գործին ցուցադրութիւնը: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ դասակարգ երաժշտութեան կարճ համերգ մը ու լուսանկարներու ցուցադրութիւն: Շարժապատկերի ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է համալսարանին մէջ գործող հայագիտական ծրագրին, UCLA-ի Հայագիտական ուսմանց բարեկամներ կազմակերպութեան ու Եւրոպական եւ եւրասիական ուսմանց կեդրոնին համագործակցութեամբ: