ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Շաբաթ, Ապրիլ 17ին, երեկոյեան ժամը 5-8, կազմակերպութեամբ Լաս Վեկասի ամերիկահայ մշակութային ընկերակցութեան տեղի պիտի ունենայ Լուսի Աղապաշեան-Ֆոլիի ջրաներկ-ստեղծագործութեանց ցուցադրութիւնը, Լաս Վեկասի «Մեիքիթ» ցուցադրասրահին մէջ (702 East Saint Louis Avenue, Las Vegas, NV 89104):
1918ին Քալիֆորնիա ծնած եւ 1950էն ի վեր Լաս Վեկաս հաստատուած արուեստագիտուհին, որու գործերուն ցուցահանդէսները տեղի ունեցած են Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ, որոշած է ձեռնարկին հասոյթը տրամադրել Լաս Վեկասի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան մը կառուցելու նպատակով կազմուած հիմնադրամին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.