ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս տարուան առաջին եռամսեակի Ատրպէյճանի ընկերատնտեսական իրավիճակի քննարկման նուիրուած խորհրդակցութեան մը ընթացքին, Ալիեւ հերթական անգամ յայտարարած է, որ հայ-ատրպեճանական հակամարտութիւնը մտած է լուծման վճռական փուլ:
Անցեալին, նոյն Ալիեւի շրթներէն քանիցս յայտարարուած է վճռական փուլերու մասին, որոնց ընկերացած է պատերազմի սպառնալիք, որոնց ընկերացած են հրադադարի խախտումներ, որոնց ընկերացած է…:
Վճռական այս փուլին Ալիեւ կը պատկերացնէ, որ Հայաստան պէտք է դրական պատասխան տայ Մատրիտեան սկզբունքերու նորացուած տարբերակի իր խմբագրումին, զոր ներկայացուցած է Մինսկի խումբին:
Ալիեւ անգամ մը եւս կը յստակացնէ Ատրպէյճանի համար միակ ընդունելի լուծումը. Տարածքներու ամբողջական վերադարձ, ազերի գաղթականներու վերադարձ՝ Ղարաբաղ, ապա հանրաքուէ՝ միայն ու միայն ճշդելու համար, թէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ինքնավարութեան ի՞նչ աստիճան պիտի տրուի Ղարաբաղին:
Այս բոլորովին անիրատես, միջազգային սկզբունքներուն ու չափանիշներուն անհամապատասխան լուծման տարբերակը հրապարակելէ ետք, զարմանալ պէտք է միայն, թէ Ալիեւ ինչո՞ւ կը բողոքէ միջազգային ընտանիքի եւ յատկապէս Մինսկի խումբի երկիրներու վերաբերմունքէն, որ ըստ իրեն, կը յատկանշուի հայամէտութեամբ:
Աւելի ծիծաղելին այն է, որ Ալիեւ կը փորձէ միջազգային հանրութեան համոզել, թէ Հայաստան ցեղապաշտ երկիր է, իսկ բազմազգ Ատրպէյճանը՝ ազգերու խաղաղ ու ներդաշնակ համակեցութեան ովասիս: Ալիեւ անշուշտ կը մոռնայ Նախիջեւանի եւ Արցախի պատմութիւնը: Ան անտեղեակ ու անմեղսունակ կը ձեւանայ Ատրպէյճանի լեզգի ու թալիշ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ որդեգրուած խտրական ու ցեղապաշտ մօտեցումներուն գծով, եւ կ՛ուզէ, որ միջազգային հանրութիւնը եւս իր օրինակին հետեւի ու դատապարտէ Հայաստանը, որ ըստ իրեն, մաքրազտուած է իր բոլոր փոքրամասնութիւններէն՝ քիւրտ, եզիտի, ռուս, հրեայ, ասորի:
Մինսկի խումբի երկիրնե՛ր, ինչո՞ւ Հայաստանի ձգձգման մարտավարութիւնը կը հանդուրժէք. ա՛լ կը բաւէ հայկական խաղերուն զոհ երթաք, եկէ՛ք ու պարտադրեցէ՛ք Հայաստանին մեր պատկերացուցած այս արդար լուծումը: Այս է Ալիեւի քարոզչական արշաւին հետապնդած նպատակը. այս պատգամն է, որ կ՛ուզէ ան հասցնել ԱՄՆին, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի ու Մինսկի խումբի բոլոր միւս երկիրներուն՝ աշխարհին:
Այլապէս… Ատրպէյճան պիտի ըլլայ վճռական ու… բանակ հանէ Ղարաբաղի ու Հայաստանի դէմ:
Այս ծանր երկընտրանքին առջեւ Մինսկի խումբի երկիրները հաւանաբար անճռկին ու Հայաստանին դէմ ծանր պատժամիջոցներու ձեռնարկեն, իսկ Հայաստանը, սարսափահար՝ արիւնով ազատագրուած իր հայրենիքին մէկ մասը յանձնէ Ալիեւին:
Ինծի կը թուի, թէ Ալիեւի այս հերթական վճռականութիւնն ալ համոզիչ պիտի չըլլայ ո՛չ Մինսկի երկիրներուն համար, եւ յաստատապէս՝ ոչ ալ Հայաստանի համար: