ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ընկերաքաղաքական բաժանմունքի պետ Ալի Հասանով Ուրբաթ, Ապրիլ 16ին յայտարարեց, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին մէջ ամերիկեան ներկայացուցչութիւնը յատկանշական ոչինչ ըրած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու նպատակով, այլ ընդհակառակը, շարունակած է նեցուկ կանգնիլ տագնապին մէկ կողմը հանդիսացող Հայաստանի իշխանութիւններուն:
Ըստ Հասանովի, Ատրպէյճանի մէջ զարգացող հակաամերիկեան զգացումները ծնունդ են այս իրականութեան:
«Ինչո՞ւ պէտք է բարեկամական յարաբերութիւններ մշակենք Միացեալ Նահանգներու հետ, երբ այդ երկիրը կը մերժէ բնականոն եւ բարեկամական կապեր հաստատել Ատրպէյճանի հետ: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւ հանրութիւնը արդէն իսկ կը քննեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը այլ միջոցներով լուծելու կարելիութիւնը», աւելցուց Հասանով, առանց մանրամասնելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.